Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 43 270-ի

Հայաստանի մէջ, 27 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 43 270 դէպք, որոնցմէ 36 988-ը` առողջացած: Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ: «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 153 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 200 507 քննութիւն: Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 203 նոր դէպք եւ 262 առողջացած։ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 864): ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  75 (կին), 98 (կին) եւ 80 (կին) տարեկան: Անոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական
27 Օգոստոսի 2020
3 ր. ընթերցում
Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 43 270-ի

Հայաստանի մէջ, 27 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 43 270 դէպք, որոնցմէ 36 988-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 153 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 200 507 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 203 նոր դէպք եւ 262 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 864):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  75 (կին), 98 (կին) եւ 80 (կին) տարեկան: Անոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մաճուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 265 է:

Մնացականեանն ու Լաւրովը քննարկած են ԼՂ խաղաղ գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը
Նախորդ նիւթը

Մնացականեանն ու Լաւրովը քննարկած են ԼՂ խաղաղ գործընթացի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը

Դաւիթ Տօնոյեանը հայ սպայի վերաբերեալ Ատրպէյճանի տարածած տեսանիւթերու մասին զրուցած է Անճէյ Քասփրշիքի հետ
Յաջորդ նիւթը

Դաւիթ Տօնոյեանը հայ սպայի վերաբերեալ Ատրպէյճանի տարածած տեսանիւթերու մասին զրուցած է Անճէյ Քասփրշիքի հետ

ԱնցնիլՎեր