Moderna-ն «Քորոնա»ի դէմ պատուաստ մատակարարելու համաձայնագիր կնքած է

Հայազգի գործարար Նուպար Աֆէյեանի համահիմնադրած «Մոտերնա» ընկերութիւնը ԱՄՆ սահմաններէն դուրս «Քորնա» ժահրի հաւանական պատուաստը մատակարարելու առաջին համաձայնագիրը կնքած է սպանական Laboratorios Farmaceuticos Rovi SA ընկերութեան հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Reuters»ը: «Մոտերնա» ընկերութիւնը Միացեալ Նահագներու մէջ մարդոց վրայ պատուաստ փորձարկած առաջին ընկերութիւնն է: Ընկերութիւնը այս ամիս պիտի սկսի փորձարկումներու նորագոյն եւ աւելի ընդարձակուած փուլը: Աւելի վաղ, ընկերութիւնը արտադրութեան ընդարձակման համաձայնագիր կնքած էր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հետ եւ 10-ամեայ համագործակցութեան պայմանագիր զուիցերական՝ Lonza Group AG ընկերութեան հետ:
10 Հուլիսի 2020
2 ր. ընթերցում
Moderna-ն «Քորոնա»ի դէմ պատուաստ մատակարարելու համաձայնագիր կնքած է

Հայազգի գործարար Նուպար Աֆէյեանի համահիմնադրած «Մոտերնա» ընկերութիւնը ԱՄՆ սահմաններէն դուրս «Քորնա» ժահրի հաւանական պատուաստը մատակարարելու առաջին համաձայնագիրը կնքած է սպանական Laboratorios Farmaceuticos Rovi SA ընկերութեան հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Reuters»ը:

«Մոտերնա» ընկերութիւնը Միացեալ Նահագներու մէջ մարդոց վրայ պատուաստ փորձարկած առաջին ընկերութիւնն է: Ընկերութիւնը այս ամիս պիտի սկսի փորձարկումներու նորագոյն եւ աւելի ընդարձակուած փուլը:

Աւելի վաղ, ընկերութիւնը արտադրութեան ընդարձակման համաձայնագիր կնքած էր Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հետ եւ 10-ամեայ համագործակցութեան պայմանագիր զուիցերական՝ Lonza Group AG ընկերութեան հետ:

Առ որ անկ է. Ոչ մէկ առնչութիւն ունիմ կամ կ'ուզեմ ունենալ որեւէ ապօրինի մարմնի հետ
Նախորդ նիւթը

Առ որ անկ է. Ոչ մէկ առնչութիւն ունիմ կամ կ’ուզեմ ունենալ որեւէ ապօրինի մարմնի հետ

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 30 903-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 30 903-ի

ԱնցնիլՎեր