ԱԱԾ-ն  ձերբակալած  է ահաբեկչութեան մէջ մեղադրուող   Հնդկաստանի  2 քաղաքացի երկու   մեղադրեալներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը յանցաւորութեան եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ուղղուած իր     աշխատանքներու  ծիրէն ներս   յայտնաբերած է ահաբեկչութեան կատարման համար հետախուզման մէջ գտնուող Հնդկաստանի 2 քաղաքացիներ։   Մասնաւորապէս, 8 օգոստոս 2019-ին նշուած անձերը Իսթանպուլ-Երեւան չուերթով ժամանած են Երեւան: Նոյն օրը՝ Ինտերպոլի միջազգային հետախուզման յայտը ստանալէն ժամեր անց, ՀՀ ԱԱԾ աշխատակիցներու կողմէն ձեռնարկուած հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով  Հնդկաստանի վերոնշեալ քաղաքացիներէն մէկը յայտնաբերուած է եւ ձերբակալուած: Յստակեցուած է, որ վերջինս շարք մը ծանր յանցագործութիւններ (ատոնց շարքին ` ահաբեկչութիւն, սպանութիւններ) կատարելու համար կը մեղադրուի Հնդկաստանի քրէական օրէնսգրքի տարբեր յօդուածներով: Իր ուղեկիցը,  որ  Հնդկաստանի իրաւապահ մարմիններու կողմէ նոյնպէս կը հետախուզուի ահաբեկչութեան, սպանութեան եւ այլ
22 Օգոստոսի 2019
3 ր. ընթերցում
ԱԱԾ-ն  ձերբակալած  է  ահաբեկչութեան մէջ մեղադրուող   Հնդկաստանի   2 քաղաքացի երկու   մեղադրեալներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը յանցաւորութեան եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին ուղղուած իր     աշխատանքներու  ծիրէն ներս   յայտնաբերած է ահաբեկչութեան կատարման համար հետախուզման մէջ գտնուող Հնդկաստանի 2 քաղաքացիներ։  

Մասնաւորապէս, 8 օգոստոս 2019-ին նշուած անձերը Իսթանպուլ-Երեւան չուերթով ժամանած են Երեւան: Նոյն օրը՝ Ինտերպոլի միջազգային հետախուզման յայտը ստանալէն ժամեր անց, ՀՀ ԱԱԾ աշխատակիցներու կողմէն ձեռնարկուած հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով  Հնդկաստանի վերոնշեալ քաղաքացիներէն մէկը յայտնաբերուած է եւ ձերբակալուած: Յստակեցուած է, որ վերջինս շարք մը ծանր յանցագործութիւններ (ատոնց շարքին ` ահաբեկչութիւն, սպանութիւններ) կատարելու համար կը մեղադրուի Հնդկաստանի քրէական օրէնսգրքի տարբեր յօդուածներով: Իր ուղեկիցը,  որ  Հնդկաստանի իրաւապահ մարմիններու կողմէ նոյնպէս կը հետախուզուի ահաբեկչութեան, սպանութեան եւ այլ յանցագործութիւններու կատարման համար, 14 օգոստոսին եւս յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է Բագրատաշէնի սահմանային անցակետը անցնելու փորձ ընելու ժամանակ:

Հնդկաստանի երկու քաղաքացիները կալանաւորուած են:

Երկրաշարժ Արցախի  Մարտունի  շրջանին  մերձ
Նախորդ նիւթը

Երկրաշարժ Արցախի  Մարտունի  շրջանին  մերձ

Փաշինեանի  հանդիպումը  Թրամբի հետ   մեր օրակարգին վրայ է. Զօհրապ Մնացականեան
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեանի  հանդիպումը  Թրամբի հետ   մեր օրակարգին վրայ է. Զօհրապ Մնացականեան

ԱնցնիլՎեր