ԱԱԾ-ն պիտի իրականացնէ սահմանի պահպանութիւնը. Սիւնիքի մէջ զօրամաս պիտի կառուցուի

Կառավարութեան որշմամբ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան Սիւնքի մարզի Գորիս-Խնձորեսկ մայրուղիի հարեւանութեամբ 10 հեկտար մակերեսով հողատարածք պիտի յատկացուի: Հողամասին ընդհանուր արժէքը շուրջ 200 միլիոն դրամ է: Այս որոշման նախագիծը ընդգրկուած է ՀՀ կառավարութեան նիստի չզեկուցուող հարցերու ցանկին մէջ: Հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ Ագգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերը փուլային տարբերակով Պաշտպանութեան նախարարութենէն պիտի ընդունին հայ-ատրպէյճանական պետական ամբողջ սահմանի պահպանութիւնը, իսկ այդ նպատակով անհրաժեշտ է ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերուն մէջ իրականացնել բարեփոխումներ: Կը նախատեսուի սահմանապահ զօրքերու անձնակազմի թիւի աւելացում, զօրքի համար մշտական տեղակայման վայրերու կառուցում, պետական սահմանի ճարտարապետական կահաւորում:
23 Մարտի 2022
2 ր. ընթերցում
ԱԱԾ-ն պիտի իրականացնէ սահմանի պահպանութիւնը. Սիւնիքի մէջ զօրամաս պիտի կառուցուի

Կառավարութեան որշմամբ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան Սիւնքի մարզի Գորիս-Խնձորեսկ մայրուղիի հարեւանութեամբ 10 հեկտար մակերեսով հողատարածք պիտի յատկացուի: Հողամասին ընդհանուր արժէքը շուրջ 200 միլիոն դրամ է: Այս որոշման նախագիծը ընդգրկուած է ՀՀ կառավարութեան նիստի չզեկուցուող հարցերու ցանկին մէջ:

Հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ Ագգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերը փուլային տարբերակով Պաշտպանութեան նախարարութենէն պիտի ընդունին հայ-ատրպէյճանական պետական ամբողջ սահմանի պահպանութիւնը, իսկ այդ նպատակով անհրաժեշտ է ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերուն մէջ իրականացնել բարեփոխումներ:

Կը նախատեսուի սահմանապահ զօրքերու անձնակազմի թիւի աւելացում, զօրքի համար մշտական տեղակայման վայրերու կառուցում, պետական սահմանի ճարտարապետական կահաւորում:

ՀՀ Զինուած ուժերը համալրուած են ուղղաթիռներով, ԱԹՍ-ներով եւ այլ զինուորական սարքերով
Նախորդ նիւթը

ՀՀ Զինուած ուժերը համալրուած են ուղղաթիռներով, ԱԹՍ-ներով եւ այլ զինուորական սարքերով

Հայաստանը պէտք է ներկայացնէ իր յստակ առաջարկները. Պաքու արձագանգեց Երեւանին
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանը պէտք է ներկայացնէ իր յստակ առաջարկները. Պաքու արձագանգեց Երեւանին

ԱնցնիլՎեր