Հայաստանը պէտք է ներկայացնէ իր յստակ առաջարկները. Պաքու արձագանգեց Երեւանին

Պաքուի մէջ արձագանգած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի յայտարարութեան՝ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Ատրպէյճանի, այսպէս կոչուած, առաջարկներոպն վերաբերեալ: ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղ համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան առանց նախապայմաններու: «Մենք հարկ չենք համարեր կրկին հնչեցնել այն դիրքորոշումը, որ բազմիցս հնչեցուցած ենք: Հաշուի առնելով հակամարտութենէն յետոյ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը` Ատրպէյճանը հնչեցուցած է համապատասխան առաջարկութիւնները եւ պատրաստ է յառաջ շարժելու այդ ուղղութեամբ: Եթէ Հայաստանը եւս լուրջ կը վերաբերի այս հարցին, ապա պէտք է ներկայացնէ իր յստակ առաջարկները եւ այդպիսով ցոյց տայ առարկայական եւ արդիւնքին միտուած բանակցութիւններ
23 Մարտի 2022
3 ր. ընթերցում
Հայաստանը պէտք է ներկայացնէ իր յստակ առաջարկները. Պաքու արձագանգեց Երեւանին

Պաքուի մէջ արձագանգած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի յայտարարութեան՝ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Ատրպէյճանի, այսպէս կոչուած, առաջարկներոպն վերաբերեալ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղ համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան առանց նախապայմաններու:

«Մենք հարկ չենք համարեր կրկին հնչեցնել այն դիրքորոշումը, որ բազմիցս հնչեցուցած ենք: Հաշուի առնելով հակամարտութենէն յետոյ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը` Ատրպէյճանը հնչեցուցած է համապատասխան առաջարկութիւնները եւ պատրաստ է յառաջ շարժելու այդ ուղղութեամբ: Եթէ Հայաստանը եւս լուրջ կը վերաբերի այս հարցին, ապա պէտք է ներկայացնէ իր յստակ առաջարկները եւ այդպիսով ցոյց տայ առարկայական եւ արդիւնքին միտուած բանակցութիւններ սկսելու իր պատրաստակամութիւնը», կ’ըսուի Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ:

ԱԱԾ-ն պիտի իրականացնէ սահմանի պահպանութիւնը. Սիւնիքի մէջ զօրամաս պիտի կառուցուի
Նախորդ նիւթը

ԱԱԾ-ն պիտի իրականացնէ սահմանի պահպանութիւնը. Սիւնիքի մէջ զօրամաս պիտի կառուցուի

Միրզոյեանը ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի առաջին տեղակալին հետ խօսած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մասին
Յաջորդ նիւթը

Միրզոյեանը ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի առաջին տեղակալին հետ խօսած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մասին

ԱնցնիլՎեր