ԱԳՆ-ն անդրադարձած է Փաշինեան-Ալիեւ Սոչիի մէջ հնարաւոր հանդիպման մասին լուրերուն

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հաւանական հանդիպման առնչութեամբ տարբեր ձեւաչափերով տարբեր առաջարկներ կը քննարկուին: Այս մասին ըսած է Արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Վահան Յունանեան ի պատասխան այն հարցին, թէ արդեօք ճիշդ են 26 նոյեմբերին Սոչիի մէջ ՀՀ վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի հանդիպման մասին շրջանառուող լուրերը: «Տարբեր ձեւաչափերով  տարբեր հանդիպումների առաջարկներ քննարկուում են, եւ երբ որեւէ համաձայնութիւն ձեռք բերուի ժամկէտների, տեղի եւ ձեւաչափերի մասով, մենք նախօրօք խելամիտ ժամկէտներում կը տեղեկացնենք»,- ըսած է Վահան Յունանեան: Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են 15 դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում
22 Նոյեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
ԱԳՆ-ն անդրադարձած է Փաշինեան-Ալիեւ Սոչիի մէջ հնարաւոր հանդիպման մասին լուրերուն

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հաւանական հանդիպման առնչութեամբ տարբեր ձեւաչափերով տարբեր առաջարկներ կը քննարկուին: Այս մասին ըսած է Արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Վահան Յունանեան ի պատասխան այն հարցին, թէ արդեօք ճիշդ են 26 նոյեմբերին Սոչիի մէջ ՀՀ վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի հանդիպման մասին շրջանառուող լուրերը:

«Տարբեր ձեւաչափերով  տարբեր հանդիպումների առաջարկներ քննարկուում են, եւ երբ որեւէ համաձայնութիւն ձեռք բերուի ժամկէտների, տեղի եւ ձեւաչափերի մասով, մենք նախօրօք խելամիտ ժամկէտներում կը տեղեկացնենք»,- ըսած է Վահան Յունանեան:

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են 15 դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունենալ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս:

Փոխհրաձգութիւն՝ Գեղարքունիքի ուղղութեամբ
Նախորդ նիւթը

Փոխհրաձգութիւն՝ Գեղարքունիքի ուղղութեամբ

Հայաստան Հիմնադրամը կ’իրագործէ Սիւնիքի համայնքներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներ
Յաջորդ նիւթը

Հայաստան Հիմնադրամը կ’իրագործէ Սիւնիքի համայնքներու զարգացման ուղղուած ծրագիրներ

ԱնցնիլՎեր