ԱԳՆ-ն կը հերքէ. «Հայկական մարդասիրական խումբը Հալէպէն հեռացնելու պահանջ չէ ներկայացուած»

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը հերքած է այն տեղեկատուութիւնը, ըստ որի ԱՄՆ կառավարութիւնը ՀՀ իշխանութիւններու առջեւ պահանջ դրած է՝ հանել մարդասիրական առաքելութիւնը Սուրիայէն: Խնդրին Նաղդալեանը անդրադարձած է Aysor.am-ի հարցումին ի պատասխան: «Մենք արդէն բազմիցս հերքեր ենք այդ տեղեկատուութիւնը: Ներկայիս փորձ կը կատարուի պետական կառոյցի կողմէ արդէն իսկ հերքուած տեղեկատւութիւնը վերստին շրջանառել նոր մտացածին մանրամասներով, որոնք նոյնպէս չեն համապատասխաներ իրականութեան՝ այդպիսով ձեւաւորելով քանի մը շերտէ բաղկացած կեղծ լուր: Սուրիոյ հայ համայնքի անվտանգութեան եւ վերջինիս տրամադրուող աջակցութեանն առնչուող հարցերու անհիմն շահարկումը նեղ անձնական շահերէ ելլելով կը համարենք անընդունելի: Թեմայէն դուրս, պարզապէս յաւելեմ, որ անվտանգութեան ոլորտին մէջ աշխատող գերատեսչութիւնները եւ անոնց ղեկավարները մշտական խորհրդակցութեան մէջ են տարբեր հարցերու շուրջ, ինչի մասին բազմիցս նշուած է նաեւ այդ գերատեսչութիւններու ղեկավարներու կողմէն»,- նշած է Նաղդալեանը:
4 Սեպտեմբերի 2019
3 ր. ընթերցում
ԱԳՆ-ն կը հերքէ. «Հայկական մարդասիրական խումբը Հալէպէն հեռացնելու պահանջ չէ ներկայացուած»

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը հերքած է այն տեղեկատուութիւնը, ըստ որի ԱՄՆ կառավարութիւնը ՀՀ իշխանութիւններու առջեւ պահանջ դրած է՝ հանել մարդասիրական առաքելութիւնը Սուրիայէն:

Խնդրին Նաղդալեանը անդրադարձած է Aysor.am-ի հարցումին ի պատասխան:

«Մենք արդէն բազմիցս հերքեր ենք այդ տեղեկատուութիւնը: Ներկայիս փորձ կը կատարուի պետական կառոյցի կողմէ արդէն իսկ հերքուած տեղեկատւութիւնը վերստին շրջանառել նոր մտացածին մանրամասներով, որոնք նոյնպէս չեն համապատասխաներ իրականութեան՝ այդպիսով ձեւաւորելով քանի մը շերտէ բաղկացած կեղծ լուր:

Սուրիոյ հայ համայնքի անվտանգութեան եւ վերջինիս տրամադրուող աջակցութեանն առնչուող հարցերու անհիմն շահարկումը նեղ անձնական շահերէ ելլելով կը համարենք անընդունելի: Թեմայէն դուրս, պարզապէս յաւելեմ, որ անվտանգութեան ոլորտին մէջ աշխատող գերատեսչութիւնները եւ անոնց ղեկավարները մշտական խորհրդակցութեան մէջ են տարբեր հարցերու շուրջ, ինչի մասին բազմիցս նշուած է նաեւ այդ գերատեսչութիւններու ղեկավարներու կողմէն»,- նշած է Նաղդալեանը:

    Վարչապետ Փաշինեան կարեւորեց Արցախի  մէջ  ընտրութիւններ կայացնելու հարցը
Նախորդ նիւթը

   Վարչապետ Փաշինեան կարեւորեց Արցախի  մէջ  ընտրութիւններ կայացնելու հարցը

Մանուէլ Գրիգորեան պիտի շարունակէ բանտի մէջ մնալ
Յաջորդ նիւթը

Մանուէլ Գրիգորեան պիտի շարունակէ բանտի մէջ մնալ

ԱնցնիլՎեր