Ազգային ժողովը ընտրեց 12 մշտական յանձնաժողովներու նախագահները

ՀՀ Ազգային ժողովը ընտրեց  12 մշտական յանձնաժողովներու նախագահները: Ինչպէս տեղեկացուցած է «Արմէնփրէս»-ը, հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը ներկայացուցած է յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութեան քուէարկութեան արդիւնքները: Ստորեւ կը ներկայացնենք ԱԺ մշտական յանձնաժողովներու ընտրուած նախագահներու անունները: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Հերիքնազ Տիգրանեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն): Առողջապահութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Նարեկ Զէյնալեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն): Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Էտուարտ Աղաջանեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն): Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Սիսակ Գաբրիէլեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն): Եւրոպական ընդելուզման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Արման Եղոյեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն): Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Թագուհի Թովմասեանը («Հայաստան» խմբակցութիւն): Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Անդրանիկ Քոչարեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն): Պետական, իրաւական
12 Օգոստոսի 2021
7 ր. ընթերցում
Ազգային ժողովը ընտրեց 12 մշտական յանձնաժողովներու նախագահները

ՀՀ Ազգային ժողովը ընտրեց  12 մշտական յանձնաժողովներու նախագահները: Ինչպէս տեղեկացուցած է «Արմէնփրէս»-ը, հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը ներկայացուցած է յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութեան քուէարկութեան արդիւնքները:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ԱԺ մշտական յանձնաժողովներու ընտրուած նախագահներու անունները:

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Հերիքնազ Տիգրանեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն):

Առողջապահութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Նարեկ Զէյնալեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն):

Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Էտուարտ Աղաջանեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն):

Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Սիսակ Գաբրիէլեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն):

Եւրոպական ընդելուզման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Արման Եղոյեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն):

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Թագուհի Թովմասեանը («Հայաստան» խմբակցութիւն):

Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Անդրանիկ Քոչարեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն):

Պետական, իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Վլատիմիր Վարդանեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն):

Տարածարջանային եւ եւրասիական ընդելուզման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Արմէն Գէորգեանը («Հայաստան» խմբակցութիւն):

Տարածքային կառավարման, տեղական ինքնակառավարման, գիւղատնտեսութեան  եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Վահէ Ղալումեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն):

Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Վահէ Յակոբեանը («Հայաստան» խմբակցութիւն):

Ֆինանսավարկային եւ պիւտճէթային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուած է Գէորգ Պապոյեանը («Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւն):

Այսպիսով, առաջին նստաշրջանի օրակարգին մէջ մնացած է միայն կառավարութեան ծրագրին հաւանութիւն տալու հարցը։ Իսկ ատոր պատգամաւորները պիտի անդրադառնան կառավարութեան կողմէ ծրագիրը ԱԺ ներկայացուելէ ետք։

 

«Քորոնա» ժահրի վարակակիրներու թիւը աշխարհի մէջ 2022-ին կրնայ գերազանցել 300 միլիոնը
Նախորդ նիւթը

«Քորոնա» ժահրի վարակակիրներու թիւը աշխարհի մէջ 2022-ին կրնայ գերազանցել 300 միլիոնը

Lufthansa օդանաւային ընկերութիւնը երկարատեւ դադարէ յետոյ կը վերադառայ Հայաստան
Յաջորդ նիւթը

Lufthansa օդանաւային ընկերութիւնը երկարատեւ դադարէ յետոյ կը վերադառայ Հայաստան

ԱնցնիլՎեր