Ազգային ժողովի պատգամաւորները այսօր մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին «Հոկտեմբերի 27»–ի զոհերուն յիշատակը։
«Ուղիղ 22 տարի առաջ այս դահլիճում կառավարութեան հարցուպատասխանի ժամանակ տեղի ունեցաւ «Հոկտեմբերի 27»–ի ոճրագործութիւնը», յայտարարած է ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը։
Այսօր ՀՀ Ազգային ժողովի այգիին մէջ՝ 1999 թ. Հոկտեմբերի 27-ի ոճրագործութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողի մօտ, տեղի պիտի ունենայ յիշատակի արարողութիւն: