Ազգային Ժողովի մէջ երկու կարեւոր օրակարգ. Ընտրական օրէնսգիրք եւ կուսակցութիւններու մասին օրէնք

Ազգային ժողովը սկիզբ տուած  է Ընտրական օրէնսգիրքի եւ Կուսակցութիւններու մասին օրէնքի փոփոխութիւններու գործընթաց, որու արդիւնքով կրնան տեղի ունենալ առանցքային փոփոխութիւններ երկու փաստաթուղթերու մէջ։ Աշխատանքային խումբի համակարգող, «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Համազասպ Դանիէլեանի խօսքով, բաւարար ժամանակ ունին անդրադառնալու բոլոր խնդիրներուն՝ խոշորներէն մինչեւ առաջին հայացքով պակաս կարեւոր թուացող հարցերուն։ Ընտրական օրէնսգիրքի ամենաքննադատուած կէտերէն մէկը՝ վարկանշային ընտրակարգի վերանայումը պիտի ըլլայ յառաջիկայ քննարկումներու առանցքը։ Պատգամաւորի խօսքով՝ այս պահին յստակ միայն կրնայ ըսել, որ այդ ընտրակարգը «Իմ քայլ»-ի համար ընդունելի չէ։ «Կաւելացնէի, ընտրական վէճերի բողոքարկման կարգի հետ կապուած կարգաւորումները, քարոզարշաւի տեւողութիւն եւ աւելի ընդարձակ՝ քարոզարշաւի հետ կապուած կարգաւորումները, միգուցէ՝ յանձնաժողովների ձեւաւորման կարգը, ընտրողների ցուցակներն են
11 Սեպտեմբերի 2019
4 ր. ընթերցում
Ազգային Ժողովի մէջ երկու կարեւոր օրակարգ. Ընտրական օրէնսգիրք եւ կուսակցութիւններու մասին օրէնք

Ազգային ժողովը սկիզբ տուած  է Ընտրական օրէնսգիրքի եւ Կուսակցութիւններու մասին օրէնքի փոփոխութիւններու գործընթաց, որու արդիւնքով կրնան տեղի ունենալ առանցքային փոփոխութիւններ երկու փաստաթուղթերու մէջ։

Աշխատանքային խումբի համակարգող, «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Համազասպ Դանիէլեանի խօսքով, բաւարար ժամանակ ունին անդրադառնալու բոլոր խնդիրներուն՝ խոշորներէն մինչեւ առաջին հայացքով պակաս կարեւոր թուացող հարցերուն։

Ընտրական օրէնսգիրքի ամենաքննադատուած կէտերէն մէկը՝ վարկանշային ընտրակարգի վերանայումը պիտի ըլլայ յառաջիկայ քննարկումներու առանցքը։ Պատգամաւորի խօսքով՝ այս պահին յստակ միայն կրնայ ըսել, որ այդ ընտրակարգը «Իմ քայլ»-ի համար ընդունելի չէ։

«Կաւելացնէի, ընտրական վէճերի բողոքարկման կարգի հետ կապուած կարգաւորումները, քարոզարշաւի տեւողութիւն եւ աւելի ընդարձակ՝ քարոզարշաւի հետ կապուած կարգաւորումները, միգուցէ՝ յանձնաժողովների ձեւաւորման կարգը, ընտրողների ցուցակներն են խիստ կարեւոր, որովհետեւ տասնամեակներ շարունակ մենք խօսում ենք դրանց ուռճացուած լինելու մասին», — նշած է իշխանական խմբակցութեան պատգամաւորը:

Պատգամաւորները պիտի աշխատին նախ Կուսակցութիւններու մասին օրէնքի փոփոխութիւններու նախագիծի վրայ՝ փորձելով այն իրականութիւն դարձնել մինչեւ Յունուար 1-ը։ Նախագիծը մշակելու ժամանակ մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնեն կուսակցութիւններու նիւթական աղբիւրներու թափանցիկութեան, հաշուետուողականութեան ու ներքին ժողովրդավարութեան հարցերուն։
 

Արցախի ՏԻՄ ընտրութիւններ. Արայիկ Յարութիւնեանի առաջնորդած «Ազատ հայրենիք»ը առաջատար
Նախորդ նիւթը

Արցախի ՏԻՄ ընտրութիւններ. Արայիկ Յարութիւնեանի առաջնորդած «Ազատ հայրենիք»ը առաջատար

Քիմ Քարտաշեան Հայաստան պիտի այցելէ
Յաջորդ նիւթը

Քիմ Քարտաշեան Հայաստան պիտի այցելէ

ԱնցնիլՎեր