ԱԺ-ն առաջին ընթերցմամբ ընդունեց ՍԴ նախագահը եւ դատաւորները փոխարինելու նախագիծը

Ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան խումբ մը պատգամաւորներու կողմէ ներկայացուած Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը, որով կ’առաջարկուի փոխարինել Սահմանադրական դատարանի նախագահը եւ ընդհանուր տեւողութեամբ ոչ պակաս, քան 12 տարի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի անդամները (դատաւորները): Օրէնքի նախագիծը ընդունուած է միաձայն՝ 89 «կողմ» ձայնով: Խորհրդարանի նիստին կը մասնակցէր միայն «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը: «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտարարած էին, որ պիտի չմասնակցին Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին:
22 Հունիսի 2020
1 ր. ընթերցում
ԱԺ-ն առաջին ընթերցմամբ ընդունեց ՍԴ նախագահը եւ դատաւորները փոխարինելու նախագիծը

Ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան խումբ մը պատգամաւորներու կողմէ ներկայացուած Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը, որով կ’առաջարկուի փոխարինել Սահմանադրական դատարանի նախագահը եւ ընդհանուր տեւողութեամբ ոչ պակաս, քան 12 տարի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի անդամները (դատաւորները):

Օրէնքի նախագիծը ընդունուած է միաձայն՝ 89 «կողմ» ձայնով:

Խորհրդարանի նիստին կը մասնակցէր միայն «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը: «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտարարած էին, որ պիտի չմասնակցին Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին:

Լիբանանի մէջ շարունակուող ճգնաժամը կրնայ հարուածել հայ համայնքի ազդեցութեան. փորձագէտ
Նախորդ նիւթը

Լիբանանի մէջ շարունակուող ճգնաժամը կրնայ հարուածել հայ համայնքի ազդեցութեան. փորձագէտ

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 21 006-ի
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 21 006-ի

ԱնցնիլՎեր