ԱԺ-ն Գագիկ Ծառուկեանը զրկեց պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն

ՀՀ ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ  «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը զրկեց պատգամաւորական աձեռնմխելիութենէն: Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ քուէարկութեան կողմ քուէարկած է 87 պատգամաւոր, դէմ ձայն չկար: Արդիւնքները յայտնեց հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Վահագն Յովակիմեանը: Քուէարկութեան մասնակցած էին 87-ը, քուէաթերթիկներէն ոչ մէկը անվաւեր համարուած է: «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար, պատգամաւոր Գագիկ Կոլիայի Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ միջնորդութիւնը ԱԺ 15 յունիսի նիստին ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը: «Բարգաւաճ Հայաստան», «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտնած էին, որ պիտի չմասնակցին քուէարկութեան:  
16 Հունիսի 2020
2 ր. ընթերցում
ԱԺ-ն Գագիկ Ծառուկեանը զրկեց պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն

ՀՀ ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ  «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը զրկեց պատգամաւորական աձեռնմխելիութենէն: Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ քուէարկութեան կողմ քուէարկած է 87 պատգամաւոր, դէմ ձայն չկար:

Արդիւնքները յայտնեց հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Վահագն Յովակիմեանը: Քուէարկութեան մասնակցած էին 87-ը, քուէաթերթիկներէն ոչ մէկը անվաւեր համարուած է:

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար, պատգամաւոր Գագիկ Կոլիայի Ծառուկեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ միջնորդութիւնը ԱԺ 15 յունիսի նիստին ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը:

«Բարգաւաճ Հայաստան», «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտնած էին, որ պիտի չմասնակցին քուէարկութեան:

 

Հայկական զօրախումբը մեկնեցաւ Մոսկուա. Այն պիտի մասնակցի սպասուած զօրահանդէսին
Նախորդ նիւթը

Հայկական զօրախումբը մեկնեցաւ Մոսկուա. Այն պիտի մասնակցի սպասուած զօրահանդէսին

ԱԺ-ն 87 կողմ քուէով համաձայնութիւն տուաւ Գագիկ Ծառուկեանը ազատութենէն զրկելուն
Յաջորդ նիւթը

ԱԺ-ն 87 կողմ քուէով համաձայնութիւն տուաւ Գագիկ Ծառուկեանը ազատութենէն զրկելուն

ԱնցնիլՎեր