ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամներն այցելած են 2-րդ բանակային կորպուս

21 Սեպտեմբեր 2022-ին ՀՀ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան յանձնաժողովի անդամ` ՀՀ ԱԺ պտգամաւոր Գուրգէն Մելքոնեանի եւ յանձաժողովի անձնակազմի հետ այցելած է ՀՀ ԶՈւ 2-րդ բանակային կորպուս: Այցի ընթացքին կորպուսի հրամանատարի հետ քննարկուած են պաշտպանական եւ աշխարհազօրին վերաբերող հարցեր: Այնուհետ հանդիպած են կորպուսի բրիգադի հրամանատարին եւ քննարկած ռմբակոծուած զօրամասը վերականգնելու վերաբերեալ խնդիրները, ինչպէս նաեւ սպառազինութեանն ու ապահովման վերաբերող շարք մը այլ խնդիրներ: Այցելած են նաեւ առաջնագծի յենակէտեր, պաշտպանութիւն իրականացնող անձնակազմի հետ քննարկած են դիրքերու վրայ անձնակազմի ծառայութեան վերաբերող հարցեր, զինուորներու եւ սպաներու հետ միասին նշած են անկախութեան տօնը, ամփոփած են կատարուած աշխատանքը: Օրուայ աւարտին կորպուսի հրամանատար Գրիգորեանի եւ կորպուսի հրամանատարական կազմի հետ միասին քննարկուած են մարտական ծառայութեան վերաբերող ծրագրային հարցեր:
22 Սեպտեմբերի 2022
3 ր. ընթերցում
ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամներն այցելած են 2-րդ բանակային կորպուս

21 Սեպտեմբեր 2022-ին ՀՀ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան յանձնաժողովի անդամ` ՀՀ ԱԺ պտգամաւոր Գուրգէն Մելքոնեանի եւ յանձաժողովի անձնակազմի հետ այցելած է ՀՀ ԶՈւ 2-րդ բանակային կորպուս:

Այցի ընթացքին կորպուսի հրամանատարի հետ քննարկուած են պաշտպանական եւ աշխարհազօրին վերաբերող հարցեր:

Այնուհետ հանդիպած են կորպուսի բրիգադի հրամանատարին եւ քննարկած ռմբակոծուած զօրամասը վերականգնելու վերաբերեալ խնդիրները, ինչպէս նաեւ սպառազինութեանն ու ապահովման վերաբերող շարք մը այլ խնդիրներ:

Այցելած են նաեւ առաջնագծի յենակէտեր, պաշտպանութիւն իրականացնող անձնակազմի հետ քննարկած են դիրքերու վրայ անձնակազմի ծառայութեան վերաբերող հարցեր, զինուորներու եւ սպաներու հետ միասին նշած են անկախութեան տօնը, ամփոփած են կատարուած աշխատանքը:

Օրուայ աւարտին կորպուսի հրամանատար Գրիգորեանի եւ կորպուսի հրամանատարական կազմի հետ միասին քննարկուած են մարտական ծառայութեան վերաբերող ծրագրային հարցեր:

Վարչապետը մեկնած է Նիւ Եորք. կը սպասուի անոր ելոյթը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովին
Նախորդ նիւթը

Վարչապետը մեկնած է Նիւ Եորք. կը սպասուի անոր ելոյթը ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովին

Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ  բարձրաձայնած է Ատրպէյճանի անընդունելի վարքին մասին
Յաջորդ նիւթը

Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ բարձրաձայնած է Ատրպէյճանի անընդունելի վարքին մասին

ԱնցնիլՎեր