Ալիեւը հետաքրքրուած է, թէ Հայաստան ուրկէ ստացած Է «Իսքանտեր-Մ» հրթիռները

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հետաքրքրուած է, թէ «Իսքանտեր-Մ» հրթիռները ինչպէս յայտնուած են Հայաստանի մօտ: Պաքուն կը պնդէ, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին «Իսքանտերներ» օգտագործուած են Շուշիի ուղղութեամբ: Թէեւ աւելի վաղ Ալիեւը պնդած էր, որ «Իսքանտերներ» չեն կիրառուած: «Ահա ապացոյցը: Ուրկէ՞ Հայաստանին այդ հրթիռները: Անոնք պէտք չէ այդ հրթիռները ունենային: Մենք կ՛ուզենք պատասխան ստանալ այն հարցումին, թէ այս մահաբեր զէնքը ինչպէս յայտնուած է Հայաստանի ձեռքը: Մենք տակաւին այս հարցումին պատասխանը չենք ստացած, սակայն պիտի ստանանք», ըսած է Ալիեւը Պաքուի մէջ պատերազմական աւարի պուրակի բացման ընթացքին, ուր ցուցադրուած են, ատրպէյճանական կողմի պնդումով, Շուշի քաղաքին մէջ յայտնաբերուած «Իսքանտեր-Մ» հրթիռներու բեկորները:
13 Ապրիլի 2021
2 ր. ընթերցում
Ալիեւը հետաքրքրուած է, թէ Հայաստան ուրկէ ստացած Է «Իսքանտեր-Մ» հրթիռները

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հետաքրքրուած է, թէ «Իսքանտեր-Մ» հրթիռները ինչպէս յայտնուած են Հայաստանի մօտ:

Պաքուն կը պնդէ, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին «Իսքանտերներ» օգտագործուած են Շուշիի ուղղութեամբ: Թէեւ աւելի վաղ Ալիեւը պնդած էր, որ «Իսքանտերներ» չեն կիրառուած:

«Ահա ապացոյցը: Ուրկէ՞ Հայաստանին այդ հրթիռները: Անոնք պէտք չէ այդ հրթիռները ունենային: Մենք կ՛ուզենք պատասխան ստանալ այն հարցումին, թէ այս մահաբեր զէնքը ինչպէս յայտնուած է Հայաստանի ձեռքը: Մենք տակաւին այս հարցումին պատասխանը չենք ստացած, սակայն պիտի ստանանք», ըսած է Ալիեւը Պաքուի մէջ պատերազմական աւարի պուրակի բացման ընթացքին, ուր ցուցադրուած են, ատրպէյճանական կողմի պնդումով, Շուշի քաղաքին մէջ յայտնաբերուած «Իսքանտեր-Մ» հրթիռներու բեկորները:

Պաքուի մէջ արցախեան պատերազմին նուիրուած «պուրակ» բացուած է՝ պետական աջակցութեամբ
Նախորդ նիւթը

Պաքուի մէջ արցախեան պատերազմին նուիրուած «պուրակ» բացուած է՝ պետական աջակցութեամբ

Իլհամ Ալիեւը չի բացառեր Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքումը
Յաջորդ նիւթը

Իլհամ Ալիեւը չի բացառեր Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքումը

ԱնցնիլՎեր