Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ Պաքուն պատրաստ է դադրեցնել պատերազմը Արցախի մէջ, բայց նախ Երեւանը պետք է «գրաւեալ» տարածքներէն զօրքերը դուրս բերէ. կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն։
«Նախ՝ ես կը հաւատամ, որ որքան շուտ պատերազմը աւարտի, այնքան լաւ … Ես բազմիցս ըսեր եմ եւ անգամ մը եւս կրնամ կրկնել, որ եթէ Հայաստանի վարչապետը պարտաւորութիւն ստանձնէ ազատելու մնացած տարածքները, ապա մենք պատրաստ ենք կանգ առնել այսօր: Ան դեռ չէ ստանձնած նման պարտաւորութիւններ»,-ըսած է Ալիեւը իտալական La Repubblica թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ՝ հերթական անգամ չհրաժարելով նախապայմաններ դնելէ:
Խօսելով փոխզիջումներու մասին՝ Ատրպէյճանի նախագահը նշած է, որ Երեւանի փոխզիջումը պէտք է ըլլայ «բոլոր գրաւեալ տարածքներու ամբողջական ազատումը՝ համաձայն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերու եւ անոնց հիմնական սկզբունքներու իրագործման»:
«Հիմնական սկզբունքները կ’ըսեն, որ սկիզբը պէտք է ազատագրել հինգ շրջան, իսկ յետոյ՝ երկու: Մենք արդէն միակողմանիօրէն ազատագրած ենք չորս շրջան: Հետեւաբար, ան (Փաշինեանը) պէտք է ըսէ, որ զօրքերը պէտք է դուրս բերուին Աղտամի Քելբեդշարի, Լաչինի շրջաններէն: Բայց ան նման յայտարարութիւն չըներ: Սա ցոյց կու տայ, որ ան չուզեր դադրեցնել պատերազմը»,- ամփոփած է Ալիեւը։