24 Ապրիլ 2021
Ձերդ Գերազանցութիւն Ճոզէֆ Ռ. Պայտըն Կրտսեր
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ
Սպիտակ Տուն
Պարոն Նախագահ, Ամերիկայի Հայոց Իրաւունքներու Խորհուրդը (ARCA) երախտապարտ է Ձեզի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ձեր ճանաչումին համար։
Ասիկա մեծ իրադարձութիւն մըն է դարաւոր պայքարին մէջ՝ ընդդէմ անարդարութիւններուն եւ ոճիրներուն, զորս հայերը կրած են օսմանցիներուն եւ ներկայիս Թուրքիոյ ձեռքէն։
Այս ճանաչումը անբաժանելի է մեր երկար եւ շարունակական պայքարին՝ արդարութեան համար, ոչ միայն որովհետեւ կը ճանչնայ օսմանցիներուն կողմէ գործադրուած սոսկալի ոճիրներուն ցեղասպանական բնոյթը, այլ նաեւ որովհետեւ կը ժխտէ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումին։
Թուրքիոյ համառ դարաւոր ուրացումը ճշմարտութեան եղած է ոչ այլ ինչ, քան հուսահատ փորձ մը՝ խուսափելու իր ոճիրներուն համար պատասխանատուութենէն։ Սակայն այսօրուան ճանաչումը վկայութիւն մըն է, որ ճշմարտութիւնը յաղթած է եւ պիտի յաղթէ Թուրքիոյ անողոք լոպպինգին եւ միջամտութեան՝ արդարութիւնը խափանելու համար, եւ որ
Թուրքիան իր նորոգուած համաթիւրքական քաղաքականութիւններով՝ ժառանգած Օսմանեան կայսրութենէն, պիտի ձախողի։ Այսօրուան ճանաչումը կը վերահաստատէ ամբողջ աշխարհին, որ Մարդու Իրաւունքները կարեւոր են եւ որ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ առաջնորդել աշխարհը ազատութեան, արդարութեան, հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան իտէալներուն վրայ, եւ պիտի խափանէ Թուրքիոյ գերիշխանական երազները՝ կառուցուած տարածաշրջանի փոքրամասնութիւններուն ճնշումին եւ բնաջնջման վրայ։
Նախագահական ճանաչումը վերջնականապէս կը հաստատէ «Ցեղասպանութիւն» եզրը օսմանցիներուն կողմէ գործադրուած դիտաւոր եւ դաժան արարքներուն վրայ, ճանաչում մը՝ որուն համար հայերու սերունդներ աշխատած եւ ձգտած են, եւ որոնցմէ շատերը չապրեցան այս օրը տեսնելու։
Կրկին, խորապէս երախտապարտ ենք Ձեզի՝ Ձեր առաջնորդութեան, քաջութեան, ամբողջականութեան, Թուրքիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումին Ձեր անզիջում մերժումին եւ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ քաղաքականութիւններուն Ձեր դատապարտումին համար։
Աստուած օրհնէ Ձեզ Նախագահ Պայտըն եւ Աստուած օրհնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։
Ամերիկայի Հայոց Իրաւունքներու Խորհուրդ – ARCA
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պաշտպանական թեւը – ՌԱԿ