Ամերիկայի Նիւ Ճըրզի նահանգը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը

Ամերիկայի Նիւ Ճըրզի նահանգը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը: Ծերակոյտը միաձայն ընդունեց Ջոզէֆ Լականայի ներկայացուցած բանաձեւը՝ այսպիսով դառնալով Արցախի անկախութիւնը ճանչցող 10-րդ նահանգը: Ի լրումն Արցախի ճանաչման, բանաձեւը կը դատապարտէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը՝ Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան դէմ յարձակման համար, եւ կը հաստատէ Նիւ Ճըրզի նահանգի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: «Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումը այլընտրանք չունի, եւ այդ նպատակի իրագործման համար շարունակելու ենք մեր յամառ պայքարը»,- գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։    
1 Հուլիսի 2021
2 ր. ընթերցում
Ամերիկայի Նիւ Ճըրզի նահանգը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը

Ամերիկայի Նիւ Ճըրզի նահանգը ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը: Ծերակոյտը միաձայն ընդունեց Ջոզէֆ Լականայի ներկայացուցած բանաձեւը՝ այսպիսով դառնալով Արցախի անկախութիւնը ճանչցող 10-րդ նահանգը:

Ի լրումն Արցախի ճանաչման, բանաձեւը կը դատապարտէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը՝ Արցախի եւ Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան դէմ յարձակման համար, եւ կը հաստատէ Նիւ Ճըրզի նահանգի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը:

«Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային ճանաչումը այլընտրանք չունի, եւ այդ նպատակի իրագործման համար շարունակելու ենք մեր յամառ պայքարը»,- գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։

 

 

«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի 2021-ի փառատօնը՝ Հոկտեմբերին
Նախորդ նիւթը

«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի 2021-ի փառատօնը՝ Հոկտեմբերին

Հայաստանը ներառուեցաւ Եւրոպական Միութեան համաճարակին դիմաց անվտանգ 11 երկիրներու շարքին
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանը ներառուեցաւ Եւրոպական Միութեան համաճարակին դիմաց անվտանգ 11 երկիրներու շարքին

ԱնցնիլՎեր