Ամերիկացի տիեզերագնացը հրաժարած է մեկնիլ Ատրպէյճան՝ ՀՀ–ի նկատմամբ յարձակման պատճառով

Ամերիկացի յայտնի տիեզերագնաց Կարեթ Ռէյզմըն մերժած է մասնակցիլ Ատրպէյճանի մէջ գումարուող Տիեզերագնացութեան միջազգային ժողովին՝ շեշտելով Հայաստանի դէմ այդ երկրի ռազմական յարձակումը: Ան այս մասին գրառում կատարած է Թուիթըրի իր էջին:  «Ինչո՞ւ Տիեզերագնացութեան միջազգային ժողովը (IAC) կը գումարուի Ատրպէյճանի մէջ, երկրի մը, որ մեղաւոր է իր դրացի Հայաստանի դէմ վերջին ռազմական յարձակման համար: Ատրպէյճան ամէնէն փտած երկիրներէն է. անիկա Եւրոպայի մէջ մարդու իրաւունքներու ամէնէն վատ ցուցանիշներէն մէկը ունի: Ես պիտի չերթամ, իսկ եթէ դուն կը պատրաստուիս երթալ, կը խնդրեմ վերատեսութեան ենթարկես որոշումդ», գրած է Ռէյզմըն:  Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը սկսած է նախորդ տարուան Սեպտեմբերին, եւ
17 Փետրվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Ամերիկացի տիեզերագնացը հրաժարած է մեկնիլ Ատրպէյճան՝ ՀՀ–ի նկատմամբ յարձակման պատճառով

Ամերիկացի յայտնի տիեզերագնաց Կարեթ Ռէյզմըն մերժած է մասնակցիլ Ատրպէյճանի մէջ գումարուող Տիեզերագնացութեան միջազգային ժողովին՝ շեշտելով Հայաստանի դէմ այդ երկրի ռազմական յարձակումը: Ան այս մասին գրառում կատարած է Թուիթըրի իր էջին: 

«Ինչո՞ւ Տիեզերագնացութեան միջազգային ժողովը (IAC) կը գումարուի Ատրպէյճանի մէջ, երկրի մը, որ մեղաւոր է իր դրացի Հայաստանի դէմ վերջին ռազմական յարձակման համար: Ատրպէյճան ամէնէն փտած երկիրներէն է. անիկա Եւրոպայի մէջ մարդու իրաւունքներու ամէնէն վատ ցուցանիշներէն մէկը ունի: Ես պիտի չերթամ, իսկ եթէ դուն կը պատրաստուիս երթալ, կը խնդրեմ վերատեսութեան ենթարկես որոշումդ», գրած է Ռէյզմըն: 

Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը սկսած է նախորդ տարուան Սեպտեմբերին, եւ այդ արարքը դատապարտուած է Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ: 

Ռէյզմըն «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ կիսած է նաեւ կարգ մը միջազգային կառոյցներու զեկոյցները, գնահատականները, օրինակ՝ «Թրենսփերընսի Ինթըրնեշընըլ»ի փտածութեան ընկալման 2021ի ցանկին վրայ Ատրպէյճան վատ դիրքը, որ 180 երկիրներու մէջ 128րդն է: 

Ատրպէյճանի կողմէ նոր լարուածութեան հրահրման վտանգը կը շարունակէ մնալ բարձր․ Միրզոյեան
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանի կողմէ նոր լարուածութեան հրահրման վտանգը կը շարունակէ մնալ բարձր․ Միրզոյեան

Փաշինեանն ու Միշելը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեանն ու Միշելը քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր

ԱնցնիլՎեր