Ամերիկեան նոր ռազմանաւը պիտի կոչուի հայ անուանի զօրավար՝ Իգնատիուսի անունով

Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու հրամանատարութիւնը իր նոր ռազմական նաւը՝ «Arleigh Burke-class guided missile destroyer» պիտի անուանէ հայկական ծագումով ամերիկացի յայտնի զինուորական Փոլ Իգնատիուսի (Իգնատոսեան) պատուին, այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Ըստ աղբիւրին, նաւու պաշտօնական շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 27 յուլիսին, Ֆորտ Լոտըրտէյալ նաւահանգիստին մէջ: ԱՄՆի Ռազմածովաին ուժերու քարտուղար Ռիչըրտ Սփենսըրի համաձայն, նոր ռազմական նաւը կ’ընդգրկէ օդային, ստորջրեայ, վերջրեայ, հակահրթիռային պաշտպանութեան եւ հարուածող ուժի հնարաւորութիւնները: Նշենք, որ Փոլ Ռոպերթ Իգնատիուսը ծնած է Կլանտէյլ, հայ գաղթականներ՝ Յովսէփ եւ Էլիզա Իգնատոսեաններու ընտանիքին մէջ: Երկրորդ համաշխարհային պատերազի ընթացքին, որպէս կամաւոր զօրագրուած է բանակ: 1964-1967 թուականին Իգնատիուս ստանձնած է պաշտպանութեան քարտուղարի
30 Հուլիսի 2019
3 ր. ընթերցում
Ամերիկեան նոր ռազմանաւը պիտի կոչուի հայ անուանի զօրավար՝ Իգնատիուսի անունով

Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժերու հրամանատարութիւնը իր նոր ռազմական նաւը՝ «Arleigh Burke-class guided missile destroyer» պիտի անուանէ հայկական ծագումով ամերիկացի յայտնի զինուորական Փոլ Իգնատիուսի (Իգնատոսեան) պատուին, այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:

Ըստ աղբիւրին, նաւու պաշտօնական շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 27 յուլիսին, Ֆորտ Լոտըրտէյալ նաւահանգիստին մէջ:

ԱՄՆի Ռազմածովաին ուժերու քարտուղար Ռիչըրտ Սփենսըրի համաձայն, նոր ռազմական նաւը կ’ընդգրկէ օդային, ստորջրեայ, վերջրեայ, հակահրթիռային պաշտպանութեան եւ հարուածող ուժի հնարաւորութիւնները:

Նշենք, որ Փոլ Ռոպերթ Իգնատիուսը ծնած է Կլանտէյլ, հայ գաղթականներ՝ Յովսէփ եւ Էլիզա Իգնատոսեաններու ընտանիքին մէջ:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազի ընթացքին, որպէս կամաւոր զօրագրուած է բանակ: 1964-1967 թուականին Իգնատիուս ստանձնած է պաշտպանութեան քարտուղարի նիւթաթեխնիքական ապահովման ու սարքերու հարցերու տեղակալի պաշտօնը:

1967ին նախագահ Լինտոն Ճոնսի օրով, ան դարձած է Միացեալ նահանգներու Ռազմածովային ուժերու քարտուղար մինչեւ 1969:

Ցեղասպանութեան մասին պատմող Ֆիլմը թեկնածու է «Էմիի» մրցանակին
Նախորդ նիւթը

Ցեղասպանութեան մասին պատմող Ֆիլմը թեկնածու է «Էմիի» մրցանակին

Կոստան Զարեանի արխիւը փոխանցուած է Մատենադարանին
Յաջորդ նիւթը

Կոստան Զարեանի արխիւը փոխանցուած է Մատենադարանին

ԱնցնիլՎեր