Ամմանի Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութիւնը այցելած է գաղութի հոգեւոր առաջնորդ՝ Տէր Աւետիս Ծր. Վրդ. Իփրաճեանին

Ամմանի մէջ գործող Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչական կազմը, Չորեքշաբթի՝ 22 Յունուար 2020-ի երեկոյեան, ջերմ այցելութիւն տուաւ Գաղութի հոգեւոր առաջնորդ՝ Տէր Աւետիս Ծր. Վրդ. Իփրաճեանի նորակազմ, վայելուչ եւ շքեղ ընդունարանը: Այցելութեան նպատակն էր փոխանցել Միութեան ողջ անդամներու լաւագոյն մաղթանքներն ու ցանկութիւնները Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօներուն բարեբաստիկ առիթներով: Այցելութեան ընթացքին, փոխադարձ կարծիքներ եւ միտքեր փոխանցուեցան հայապահպանման սրբազան նպատակները հիմնական եւ առաջնահերթ դարձնելու նկատառումներով, եւ ի մասնաւորի Ազգային Վարժարանիս շօշափելի յառաջխաղացք եւ գործօն ընթացք տալու առնչութիւններով: Հոգեշ. հայրը, իր հերթին, մաղթեց, որ համագաղութային միութենական բեղուն գործունէութիւն մշակուի երկրէս ներս, որպէսզի մեր ազգային նկարագիրը իր վառ երանգներով շարունակ բացայայտուի ողջ Յորդանանի մէջ:   Վահան
12 Փետրվարի 2020
2 ր. ընթերցում
Ամմանի Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչութիւնը այցելած է գաղութի հոգեւոր առաջնորդ՝ Տէր Աւետիս Ծր. Վրդ. Իփրաճեանին

Ամմանի մէջ գործող Վահան Թէքէեան Մշակութային Միութեան վարչական կազմը, Չորեքշաբթի՝ 22 Յունուար 2020-ի երեկոյեան, ջերմ այցելութիւն տուաւ Գաղութի հոգեւոր առաջնորդ՝ Տէր Աւետիս Ծր. Վրդ. Իփրաճեանի նորակազմ, վայելուչ եւ շքեղ ընդունարանը:

Այցելութեան նպատակն էր փոխանցել Միութեան ողջ անդամներու լաւագոյն մաղթանքներն ու ցանկութիւնները Նոր Տարուայ եւ Ս. Ծննդեան տօներուն բարեբաստիկ առիթներով:

Այցելութեան ընթացքին, փոխադարձ կարծիքներ եւ միտքեր փոխանցուեցան հայապահպանման սրբազան նպատակները հիմնական եւ առաջնահերթ դարձնելու նկատառումներով, եւ ի մասնաւորի Ազգային Վարժարանիս շօշափելի յառաջխաղացք եւ գործօն ընթացք տալու առնչութիւններով:

Հոգեշ. հայրը, իր հերթին, մաղթեց, որ համագաղութային միութենական բեղուն գործունէութիւն մշակուի երկրէս ներս, որպէսզի մեր ազգային նկարագիրը իր վառ երանգներով շարունակ բացայայտուի ողջ Յորդանանի մէջ:

 

Վահան Թէքէեան Մշակ. Միութիւն

Ամման

   

Ծանր  բօթ մը Արցախէն. Զոհուած են երկու զինուորներ
Նախորդ նիւթը

Ծանր բօթ մը Արցախէն. Զոհուած են երկու զինուորներ

Գոյժ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Նահապետ Նահապետեանը
Յաջորդ նիւթը

Գոյժ. Ոչ եւս է երախտաւոր Ընկ. Նահապետ Նահապետեանը

ԱնցնիլՎեր