ԱՄՆ դեսպանը այցելած է Գեղարքունիքի մարզ

26 Յուլիսին ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ այցելած է Գեղարքունիքի մարզ։ Զօրամիաւորման հրամանատար, զօրավար-մայոր Արայիկ Յարութիւնեանը դեսպանին ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը, որմէ ետք կազմակերպուած է այց Վերին Շորժայի հատուածի սահմանագիծ: Դեսպան Թրէյսին վերահաստատած է ԱՄՆ-ի մտահոգութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով միջադէպերու վերաբերեալ եւ ընդգծած, որ ԱՄՆ-ն կը մերժէ ուժի կիրառումը սահմանազատում իրականացնելու պարագային: Դեսպանը նաեւ ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ն, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, խորապէս հաւատարիմ կը մնայ ղարաբաղեան հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման հասնելու նպատակով բոլոր կողմերու հետ աշխատելու գործընթացին։ Միաժամանակ, ըստ Լին Թրէյսիի, ԱՄՆ-ն կողմերէն կը պահանջէ հնարաւորինս արագ վերադառնալ Մինսքի խումբի համանախագահներու մակարդակով ընթացող բանակցութիւններուն։    
26 Հուլիսի 2021
3 ր. ընթերցում
ԱՄՆ դեսպանը այցելած է Գեղարքունիքի մարզ

26 Յուլիսին ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ այցելած է Գեղարքունիքի մարզ։

Զօրամիաւորման հրամանատար, զօրավար-մայոր Արայիկ Յարութիւնեանը դեսպանին ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը, որմէ ետք կազմակերպուած է այց Վերին Շորժայի հատուածի սահմանագիծ:

Դեսպան Թրէյսին վերահաստատած է ԱՄՆ-ի մտահոգութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով միջադէպերու վերաբերեալ եւ ընդգծած, որ ԱՄՆ-ն կը մերժէ ուժի կիրառումը սահմանազատում իրականացնելու պարագային:

Դեսպանը նաեւ ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ն, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր, խորապէս հաւատարիմ կը մնայ ղարաբաղեան հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման հասնելու նպատակով բոլոր կողմերու հետ աշխատելու գործընթացին։ Միաժամանակ, ըստ Լին Թրէյսիի, ԱՄՆ-ն կողմերէն կը պահանջէ հնարաւորինս արագ վերադառնալ Մինսքի խումբի համանախագահներու մակարդակով ընթացող բանակցութիւններուն։

 

 

«Քովիտ»ի դէմ պատուաստուած մարդոց մէջ վիճակահանութիւն պիտի ըլլայ, անոնք պիտի ստանան թատրոնի, օփերայի տոմսեր. Անահիտ Աւանեսեան
Նախորդ նիւթը

«Քովիտ»ի դէմ պատուաստուած մարդոց մէջ վիճակահանութիւն պիտի ըլլայ, անոնք պիտի ստանան թատրոնի, օփերայի տոմսեր. Անահիտ Աւանեսեան

2 Օգոստոսին պիտի հրաւիրուի ԱԺ ութերորդ գումարման առաջին նստաշրջանը
Յաջորդ նիւթը

2 Օգոստոսին պիտի հրաւիրուի ԱԺ ութերորդ գումարման առաջին նստաշրջանը

ԱնցնիլՎեր