ԱՄՆ-ի մէջ դրօշները 5 օրով պիտի իջեցնեն՝ ի նշան սուգի «Քորոնա» ժահրէն մահացած մօտ 500 000 ամերիկացիներու համար

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն հրամայած է ի նշան սուգի՝ 5 օրով իջեցնել դրօշները՝  «Քորոնա» ժահրէն մահացած մօտ 500 000 ամերիկացիներու յիշատակին: Պայտըն նաեւ ելոյթ ունեցած է մոմավառութեան արարողութեան ժամանակ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած զոհերու յիշատակը: «Այսօրուայ իրադարձութիւնները, ներառեալ նախագահի ելոյթները, կ’ընդգծեն ամերիկացի ժողովուրդի եւ շատ ընտանիքներու համար մաշտապները»,- ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Ճnն Փսակին: «Նախագահը պիտի խօսի այս համավարակի ընթացքը կոտրելու ամերիկեան ժողովուրդի կամքի ուժի մասին, որ պիտի իրականացուի համատեղ աշխատելով, հետեւելով հանրային առողջութեան ուղեցոյցներուն եւ պատուաստանիւթեր պատրաստելով»: ԱՄՆ-ի մէջ COVID-19-էն մահացութիւններու թիւը մօտ կէս միլիոն է, որ մրցանշային է ամբողջ աշխարհի մէջ, յայտնած է
23 Փետրվարի 2021
3 ր. ընթերցում
ԱՄՆ-ի մէջ դրօշները 5 օրով պիտի իջեցնեն՝ ի նշան սուգի «Քորոնա» ժահրէն մահացած մօտ 500 000 ամերիկացիներու համար

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն հրամայած է ի նշան սուգի՝ 5 օրով իջեցնել դրօշները՝  «Քորոնա» ժահրէն մահացած մօտ 500 000 ամերիկացիներու յիշատակին: Պայտըն նաեւ ելոյթ ունեցած է մոմավառութեան արարողութեան ժամանակ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած զոհերու յիշատակը:

«Այսօրուայ իրադարձութիւնները, ներառեալ նախագահի ելոյթները, կ’ընդգծեն ամերիկացի ժողովուրդի եւ շատ ընտանիքներու համար մաշտապները»,- ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Ճnն Փսակին: «Նախագահը պիտի խօսի այս համավարակի ընթացքը կոտրելու ամերիկեան ժողովուրդի կամքի ուժի մասին, որ պիտի իրականացուի համատեղ աշխատելով, հետեւելով հանրային առողջութեան ուղեցոյցներուն եւ պատուաստանիւթեր պատրաստելով»:

ԱՄՆ-ի մէջ COVID-19-էն մահացութիւններու թիւը մօտ կէս միլիոն է, որ մրցանշային է ամբողջ աշխարհի մէջ, յայտնած է Ճոնս Հոփքինսի հիմնարկը: Անոր տուեալներով՝ երկիրը գրանցած է ժահրէն մահուան աւելի քան 499 000 դէպք, եւ կը սպասուի, որ առաջիկայ օրերուն այդ թիւը պիտի անցնի կէս միլիոնը:

Վրաստանը նոր վարչապետ ունի. երկրի խորհրդարանը հաստատած է կառավարութեան նոր կազմը
Նախորդ նիւթը

Վրաստանը նոր վարչապետ ունի. երկրի խորհրդարանը հաստատած է կառավարութեան նոր կազմը

Քոնկրէսականը Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրած է պատասխանատւութեան ենթարկելու Ատրպէյճանը հայերու դէմ շարունակուող թշնամանքին համար
Յաջորդ նիւթը

Քոնկրէսականը Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրած է պատասխանատւութեան ենթարկելու Ատրպէյճանը հայերու դէմ շարունակուող թշնամանքին համար

ԱնցնիլՎեր