ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Մակունց եւ քոնկրէսական Քիմ քննարկած են ԼՂ-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը

ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունց հեռավար հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ, հանրապետական քոնկրէսական Եանկ Քիմի հետ։ «Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ դեսպան Մակունց եւ քոնկրէսական Քիմ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը։ Դեսպանն ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ռազմատենչ եւ ապակառուցողական յայտարարութիւնները կը խաթարեն տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնմանն ուղղուած ջանքերը։ Դեսպանը կարեւորած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանտաթի շրջագիծէն ներս։ Դեսպան Մակունցն ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ պահուող հայ ռազմագերիներու անվերապահ հայրենադարձութեան անհրաժեշտութիւնը։
9 Դեկտեմբերի 2021
2 ր. ընթերցում
ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Մակունց եւ քոնկրէսական Քիմ քննարկած են ԼՂ-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը

ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունց հեռավար հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ, հանրապետական քոնկրէսական Եանկ Քիմի հետ։

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, որ դեսպան Մակունց եւ քոնկրէսական Քիմ քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած իրավիճակը։ Դեսպանն ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ռազմատենչ եւ ապակառուցողական յայտարարութիւնները կը խաթարեն տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնմանն ուղղուած ջանքերը։

Դեսպանը կարեւորած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանտաթի շրջագիծէն ներս։ Դեսպան Մակունցն ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ պահուող հայ ռազմագերիներու անվերապահ հայրենադարձութեան անհրաժեշտութիւնը։

Վարչապետն ընդուներ է Կարմիր Խաչի միջազգային ֆետերացիայի գլխաւոր քարտուղարը
Նախորդ նիւթը

Վարչապետն ընդուներ է Կարմիր Խաչի միջազգային ֆետերացիայի գլխաւոր քարտուղարը

Փաշինեան մասնակցած է «Յանուն ժողովրդավարութեան» համաժողովի բացման
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեան մասնակցած է «Յանուն ժողովրդավարութեան» համաժողովի բացման

ԱնցնիլՎեր