ԱՄՆ-ի մէջ «Միսս Տիեզերք» մրցոյթի հայ մասնակիցը բեմ բարձրացած է «Հայաստանը՝ յանուն ապրելու իրաւունքի» պաստառով

Նախօրէին ԱՄՆ Նիւ Օրլիընզ քաղաքին մէջ կայացած է «Միսս Տիեզերք» գեղեցկութեան մրցոյթի կիսաեզրափակիչը, որու ծիրէն ներս աշխարհի 84 երկրի պատուիրակներու հետ բեմ բարձրացած է նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Քրիսթինա Այանեանը: Յատկանշական է, որ գեղեցկուհին ազգային տարազներու մրցութային փուլին բեմ է դուրս եկած է «Հայաստանը՝ յանուն ապրելու իրաւունքի» պաստառով, որ մի քանի վայրկեան շարունակ բեմէն ցուցադրած է ներկաներուն: Անոր ազգային տարազը ներկայացնելու ժամանակ հաղորդավարը նշած է, որ այն ստեղծուած է Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով, ինչպէս նաեւ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի պայքարն ու դիմադրութիւնը, յոյսը առ պայծառ ապագայ: Նշենք, որ բոլոր մրցութային փուլերուն Այանեանը բեմ դուրս եկած է Անպանիոյ, Անկոլիայի, Արժանթինի մասնակիցներէն ետք:
13 Հունվարի 2023
2 ր. ընթերցում
ԱՄՆ-ի մէջ «Միսս Տիեզերք» մրցոյթի հայ մասնակիցը բեմ բարձրացած է «Հայաստանը՝ յանուն ապրելու իրաւունքի» պաստառով

Նախօրէին ԱՄՆ Նիւ Օրլիընզ քաղաքին մէջ կայացած է «Միսս Տիեզերք» գեղեցկութեան մրցոյթի կիսաեզրափակիչը, որու ծիրէն ներս աշխարհի 84 երկրի պատուիրակներու հետ բեմ բարձրացած է նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Քրիսթինա Այանեանը:

Յատկանշական է, որ գեղեցկուհին ազգային տարազներու մրցութային փուլին բեմ է դուրս եկած է «Հայաստանը՝ յանուն ապրելու իրաւունքի» պաստառով, որ մի քանի վայրկեան շարունակ բեմէն ցուցադրած է ներկաներուն:

Անոր ազգային տարազը ներկայացնելու ժամանակ հաղորդավարը նշած է, որ այն ստեղծուած է Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով, ինչպէս նաեւ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի պայքարն ու դիմադրութիւնը, յոյսը առ պայծառ ապագայ:

Նշենք, որ բոլոր մրցութային փուլերուն Այանեանը բեմ դուրս եկած է Անպանիոյ, Անկոլիայի, Արժանթինի մասնակիցներէն ետք:

Արցախի Աազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ պետական դաւաճանութեան նոր դէպք բացայայտուած է
Նախորդ նիւթը

Արցախի Աազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ պետական դաւաճանութեան նոր դէպք բացայայտուած է

Մեծ Բրիտանիան թարմացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ զէնքի «ամպարկո»ի ուղեցոյցը
Յաջորդ նիւթը

Մեծ Բրիտանիան թարմացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ զէնքի «ամպարկո»ի ուղեցոյցը

ԱնցնիլՎեր