ԱՄՆ-ի չորս ծերակուտականներ պահանջած են անյապաղ պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ

ԱՄՆ Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւնները ներկայացնող 4 պատգամաւորներ նամակ յղած են երկրի պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփերին եւ պահանջած Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառել` Ռուսաստանէն С-400 զենիթահրթիռային համակարգեր գնելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ Yeniçağ Gazetesi պարբերականը: Պաշտպանութեան նախարարին ուղարկուած նամակը ստորագրած են դեմոկրատ ծերակուտականներ Ժան Շահինը, Քրիս Վան Հոլլընը եւ հանրապետական  Թոմ Թիլլիսն ու Ճեյմս Լանքֆորտը: Նամակը իր թուիթըրեան էջին հրապարակած է Շահինը, կցելով հետեւեալ գրութիւնը. «Մենք ջանացած ենք նախագիծը օրէնքի վերածել, որպէսզի Էրտողանին ցոյց տանք, որ ՆԱԹՕ-ի եւ թրանսաթլանթեան անվտանգութիւնը թուլացնելու նպատակով անոր ձեռնարկած քայլերը չեն կրնար հաւանութեան արժանանալ։ F-35 կործանիչներու մատակարարման շղթայէն Թուրքիոյ հեռացումը երկու կուսակցութիւններու ջանքերու արդիւնք էր, որուն նպատակն էր
9 Հուլիսի 2020
4 ր. ընթերցում
ԱՄՆ-ի չորս ծերակուտականներ պահանջած են անյապաղ պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ դէմ

ԱՄՆ Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւնները ներկայացնող 4 պատգամաւորներ նամակ յղած են երկրի պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփերին եւ պահանջած Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառել` Ռուսաստանէն С-400 զենիթահրթիռային համակարգեր գնելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ Yeniçağ Gazetesi պարբերականը:

Պաշտպանութեան նախարարին ուղարկուած նամակը ստորագրած են դեմոկրատ ծերակուտականներ Ժան Շահինը, Քրիս Վան Հոլլընը եւ հանրապետական  Թոմ Թիլլիսն ու Ճեյմս Լանքֆորտը:

Նամակը իր թուիթըրեան էջին հրապարակած է Շահինը, կցելով հետեւեալ գրութիւնը. «Մենք ջանացած ենք նախագիծը օրէնքի վերածել, որպէսզի Էրտողանին ցոյց տանք, որ ՆԱԹՕ-ի եւ թրանսաթլանթեան անվտանգութիւնը թուլացնելու նպատակով անոր ձեռնարկած քայլերը չեն կրնար հաւանութեան արժանանալ։ F-35 կործանիչներու մատակարարման շղթայէն Թուրքիոյ հեռացումը երկու կուսակցութիւններու ջանքերու արդիւնք էր, որուն նպատակն էր ապահովել, որ Էրտողանը պատասխան տայ, ինչպէս նաեւ՝ պաշտպանէ ԱՄՆ-ի արհեստագիտութիւնները։ Եկած է ժամանակը, որ իշխանութիւնները անյապաղ կիրառեն այս օրէնքը»,-գրած է Շահինը:

Յիշեցնենք, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ С-400 համակարգերու գնման շուրջ բանակցութիւններու մասին առաջին անգամ յայտնի դարձած էր նոյեմբեր 2016-ին, իսկ վաճառքի մասին պայմանագիրը կնքուած էր սեպտեմբեր 2017-ին. ձեռք բերուած զենիթահրթիռային 4 միաւոր համակարգերու արժէքը 2,5 միլիառ տոլար կազմած է:

Հայաստանը 5-րդ ամենաանվտանգ երկիրն է Եւրոպայի մէջ. Numbeo-ի վարկանշային զելոյց
Նախորդ նիւթը

Հայաստանը 5-րդ ամենաանվտանգ երկիրն է Եւրոպայի մէջ. Numbeo-ի վարկանշային զելոյց

Առ որ անկ է. Ոչ մէկ առնչութիւն ունիմ կամ կ'ուզեմ ունենալ որեւէ ապօրինի մարմնի հետ
Յաջորդ նիւթը

Առ որ անկ է. Ոչ մէկ առնչութիւն ունիմ կամ կ’ուզեմ ունենալ որեւէ ապօրինի մարմնի հետ

ԱնցնիլՎեր