ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը հրաժարական պիտի տայ

ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս այս ամիս հրաժարական պիտի տայ։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն։   «Ամերիկայի եւ ամբողջ աշխարհի մարդոց համար Նետ Փրայս յաճախ եղած է ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան դէմքն ու ձայնը։ Ան ցուցաբերած է բացառիկ արհեստավարժութիւն եւ ազնուութիւն։ Վարչութեան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Նետին իր հիանալի ծառայութեան համար»,- ըսուած է Էնթընի Պլինքընի յայտարարութեան մէջ։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Փրայս, որ 2021-ի յունուարէն զբաղցուցած է Պետական քարտուղարութեան գլխաւոր մամուլի քարտուղարի պաշտօնը, պիտի շարունակէ աշխատիլ Պլինքընի գրասենեակէն ներս:
8 Մարտի 2023
2 ր. ընթերցում
ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը հրաժարական պիտի տայ

ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս այս ամիս հրաժարական պիտի տայ։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն։

 

«Ամերիկայի եւ ամբողջ աշխարհի մարդոց համար Նետ Փրայս յաճախ եղած է ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան դէմքն ու ձայնը։ Ան ցուցաբերած է բացառիկ արհեստավարժութիւն եւ ազնուութիւն։ Վարչութեան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Նետին իր հիանալի ծառայութեան համար»,- ըսուած է Էնթընի Պլինքընի յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Փրայս, որ 2021-ի յունուարէն զբաղցուցած է Պետական քարտուղարութեան գլխաւոր մամուլի քարտուղարի պաշտօնը, պիտի շարունակէ աշխատիլ Պլինքընի գրասենեակէն ներս:

Զարեհ Սինանեան հանդիպած է Դամասկոսի հայ համայնքի հետ
Նախորդ նիւթը

Զարեհ Սինանեան հանդիպած է Դամասկոսի հայ համայնքի հետ

Լուի Պոնոն այցելած է Ցեղասպանութեան յուշահամալիր
Յաջորդ նիւթը

Լուի Պոնոն այցելած է Ցեղասպանութեան յուշահամալիր

ԱնցնիլՎեր