Զարեհ Սինանեան հանդիպած է Դամասկոսի հայ համայնքի հետ

Աշխատանքային այցով Սուրիա գտնուող ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հանդիպում ունեցած է Դամասկոսի հայ համայնքի հոգեւոր եւ միութենական ղեկավարներուն հետ: Տեղեկութիւնը յայտնած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամլոյ ծառայութիւնը։ «Հանդիպման ընթացքում մանրամասնօրէն քննարկուեցին հայ համայնքի առջեւ ծառացած խնդիրները, դրանց յաղթահարման ուղիները՝ յատկապէս փետրուարի 6-ի աւերիչ երկրաշարժի լոյսի ներքոյ»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Համայնքի ներկայացուցիչները Սինանեանին ներկայացուցած են աղէտէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ անկէ դուրս ելլելու ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներու ընթացքը: Քննարկման առանցքային հարցերէն եղած է Հայաստան-սփիւռք համագործակցութիւնը։ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարն ու համայնքի ներկայացուցիչներն անդրադարձած են համագործակցութեան հետագայ ընդլայնմանն ու զարգացման հեռանկարներուն։
8 Մարտի 2023
2 ր. ընթերցում
Զարեհ Սինանեան հանդիպած է Դամասկոսի հայ համայնքի հետ

Աշխատանքային այցով Սուրիա գտնուող ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հանդիպում ունեցած է Դամասկոսի հայ համայնքի հոգեւոր եւ միութենական ղեկավարներուն հետ: Տեղեկութիւնը յայտնած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամլոյ ծառայութիւնը։

«Հանդիպման ընթացքում մանրամասնօրէն քննարկուեցին հայ համայնքի առջեւ ծառացած խնդիրները, դրանց յաղթահարման ուղիները՝ յատկապէս փետրուարի 6-ի աւերիչ երկրաշարժի լոյսի ներքոյ»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Համայնքի ներկայացուցիչները Սինանեանին ներկայացուցած են աղէտէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ անկէ դուրս ելլելու ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներու ընթացքը: Քննարկման առանցքային հարցերէն եղած է Հայաստան-սփիւռք համագործակցութիւնը։

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարն ու համայնքի ներկայացուցիչներն անդրադարձած են համագործակցութեան հետագայ ընդլայնմանն ու զարգացման հեռանկարներուն։

Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարները պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ. Չաւուշօղլու
Նախորդ նիւթը

Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարները պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ. Չաւուշօղլու

ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը հրաժարական պիտի տայ
Յաջորդ նիւթը

ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը հրաժարական պիտի տայ

ԱնցնիլՎեր