ԱՄՆ քաղաքացիներուն կոչ ըրած է վերանայելու Հայաստան այցելելը, ինչպէս նաեւ՝ չմեկնելու Արցախ

ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւնը երկրի քաղաքացիներուն կոչ կ’ընէ վերանայիլու Հայաստան այցելելը՝ COVID-19-ի պատճառով։ Այս մասին նշուած է 26 Յուլիսին ամերիկեան դիւանագիտական գերատեսչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։ Անոր համաձայն՝ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման կեդրոնները COVID-19-ի պատճառով Հայաստանի համար ճանապարհորդներու առողջութեան 3-րդ մակարդակի ծանուցում հրապարակած են, որ կը վկայէ երկրին մէջ COVID-19 բարձր մակարդակը: Բացի այդ, Պետական քարտուղարութիւնը հաղորդագրութեան մէջ իր քաղաքացիներուն կոչ կ’ընէ չուղեւորուելու Լեռնային Ղարաբաղ, զինուած հակամարտութեամբ պայմանաւորուած: «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ կը շարունակուին կորուստներ գրանցուիլ: Ընդհատուած կրակոցները եւ հրետանային համակարգերու ժամանակ առ ժամանակ օգտագործումը, ներառեալ ցամաքային ականներն ու ականանետերը, ամէն տարի կը յանգեցնեն մահուան եւ վիրաւորներու: Խուսափեցէք «շփման գիծի» մօտակայքը գտնուող ճանապարհներէն
27 Հուլիսի 2021
4 ր. ընթերցում
ԱՄՆ քաղաքացիներուն կոչ ըրած է վերանայելու Հայաստան այցելելը, ինչպէս նաեւ՝ չմեկնելու Արցախ

ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւնը երկրի քաղաքացիներուն կոչ կ’ընէ վերանայիլու Հայաստան այցելելը՝ COVID-19-ի պատճառով։ Այս մասին նշուած է 26 Յուլիսին ամերիկեան դիւանագիտական գերատեսչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Անոր համաձայն՝ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման կեդրոնները COVID-19-ի պատճառով Հայաստանի համար ճանապարհորդներու առողջութեան 3-րդ մակարդակի ծանուցում հրապարակած են, որ կը վկայէ երկրին մէջ COVID-19 բարձր մակարդակը:

Բացի այդ, Պետական քարտուղարութիւնը հաղորդագրութեան մէջ իր քաղաքացիներուն կոչ կ’ընէ չուղեւորուելու Լեռնային Ղարաբաղ, զինուած հակամարտութեամբ պայմանաւորուած:

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ կը շարունակուին կորուստներ գրանցուիլ: Ընդհատուած կրակոցները եւ հրետանային համակարգերու ժամանակ առ ժամանակ օգտագործումը, ներառեալ ցամաքային ականներն ու ականանետերը, ամէն տարի կը յանգեցնեն մահուան եւ վիրաւորներու: Խուսափեցէք «շփման գիծի» մօտակայքը գտնուող ճանապարհներէն եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանի մօտակայքի ճանապարհներէն:

ԱՄՆ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ արտակարգ ծառայութիւններ մատուցել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գտնուող ԱՄՆ քաղաքացիներուն, քանի որ ԱՄՆ կառավարութեան աշխատակիցները սահմանափակուած են այնտեղ ճանապարհորդելու հարցով», — նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Սիւնիքի մէջ պետութեան մէջ պետութիւն ստեղծելու փորձի ջախջախումը «որոշ անձերու դէմ հետապնդում» չէ. ՔՊ պատգամաւոր
Նախորդ նիւթը

Սիւնիքի մէջ պետութեան մէջ պետութիւն ստեղծելու փորձի ջախջախումը «որոշ անձերու դէմ հետապնդում» չէ. ՔՊ պատգամաւոր

Արուեստագէտ՝ Ընկ. Վիգէն Լեփեճեանի նուէրը՝ Նուրհան Պատրիարքին
Յաջորդ նիւթը

Արուեստագէտ՝ Ընկ. Վիգէն Լեփեճեանի նուէրը՝ Նուրհան Պատրիարքին

ԱնցնիլՎեր