«Ռամկավար Մամուլ», Երեան.- «Ջերմուկ» քաղաքի մերձ գտնուող «Ամուլսար»ի խնդիրը կը շարունակէ մնալ թէժ քննարկումներու թեմայ։
Նշենք, որ այսօր կէսօրին խումբ մը բնապահապաններ բողոքի հաւաք կազմակերպեցին ՀՀ Ազգային Ժողովի շէնքին դիմաց, որմէ անմիջապէս ետք եւ նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը մեծ թիւով բնապահպաններ եւ աքթիւիսթներ փակ հանդիպում ունեցան ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ։
Հայրենի լրասփիւռներ ժողովի աւարտէն առաջ յայտնեցին, որ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը մերժած է վերջնական եզրակացութիւն հրապարակել Ամուլսարի հարցին գծով, մինչ քանի մը բնապահպաններ ժողովը կէս ձգելով դուրս եկան Ազգային Ժողովի շէնքէն յայտարարելով, որ Ամուլսարի հարցով կառավարութեան եզրակացութիւնները չեն բխիր ժողովուրդի շահերէն։
Նշենք, որ մինչ ԱԺ-ի շէնքին մէջ դռնփակ ժողովը կ՚ընթանար, անդին բնապահպաններ փորձեցին փակել Բաղրամեան մայրուղին, որուն հետեւանքով ալ գրանցուեցան բախումներ շրջանը հսկող ոստիկանութեան անդամներուն եւ բնապահպաններուն միջեւ։
Յիշեցնենք, որ Ամուլսարի հանքի խնդիրը գլխաւոր օրակարգ դարձաւ կառավարութեան կողմէ խնդրին շուրջ պատրաստուած եւ քննչական մարմնի հովանաւորութեամբ հրապարակուած եզրակացութիւններէն ետք, որուն հիմքով ալ տեղեկութիւններ շրջան ըրին, որ Ամուլսարի հանքը պիտի բացուի եւ «Լիտէան Արմինիա» ընկերութիւնը առաջ պիտի տանի հանքարդիւնաբերութեան գործը։
Տեղին է նշել, որ «Ջերմուկ» շրջանի քաղաքացիներու եւ վարչական մարմիններու հիմնական եզրակացութիւնն այն է, որ «Ամուլսար»ի օգտագործումը բոլոր իմաստներով վնասակար է այդ շրջանի բնակչութեան, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան վրայ յոյս դրած քաղաքացիներու տնտեսական իրավիճակին եւ առողջութեան վրայ։