Այժմ պահն է միասնականութեան. Երուսաղէմի ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան ակումբի եւ ՀԵՄ-ի վարչութիւններ

Այսօր առաւօտեան, Կիրակի,  27  Սեպտեմբեր 2020-ին,  Ատրպէյճանական զինեալ ուժերը հռթիրային յարձակում գործած են Արցախի ճակատի բոլոր երկայնքին։ Հայաստանի եւ Արցախի զինեալ բանակը հակադարձած է եւ մեծ կորուստներ պատճառած թշնամիին։ Երուսաղէմի ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան ակումբի եւ ՀԵՄ-ի վարչութիւնները եւ բոլոր անդամ-անդամուհիները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Հայոց բանակին եւ քաղաքական իշխանութեան։ Այժմ պահն է միասնականութեան, որ բռունցք դառնանք եւ մահացու հարուած տանք ոսոխին։ Ատրպէյճան՝ անտեսելով միջազգային բոլոր չափանիշներն ու համաձայնութիւնները, դարձեալ սադրանքի կը դիմէ, կրակ բանալով մեր սահմանապահ զինուորներու եւ խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ, խախտելով զինադադարի օրէնքները: Մենք վստահ ենք, որ մեր քաջարի  բանակը արդար հակահարուած կը հասցնէ։ ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան ակումբի եւ ՀԵՄ-ի վարչութիւնները եւ բոլոր անդամ-անդամուհիները
27 Սեպտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Այժմ պահն է միասնականութեան. Երուսաղէմի ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան ակումբի եւ ՀԵՄ-ի վարչութիւններ

Այսօր առաւօտեան, Կիրակի,  27  Սեպտեմբեր 2020-ին,  Ատրպէյճանական զինեալ ուժերը հռթիրային յարձակում գործած են Արցախի ճակատի բոլոր երկայնքին։ Հայաստանի եւ Արցախի զինեալ բանակը հակադարձած է եւ մեծ կորուստներ պատճառած թշնամիին։

Երուսաղէմի ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան ակումբի եւ ՀԵՄ-ի վարչութիւնները եւ բոլոր անդամ-անդամուհիները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Հայոց բանակին եւ քաղաքական իշխանութեան։

Այժմ պահն է միասնականութեան, որ բռունցք դառնանք եւ մահացու հարուած տանք ոսոխին։

Ատրպէյճան՝ անտեսելով միջազգային բոլոր չափանիշներն ու համաձայնութիւնները, դարձեալ սադրանքի կը դիմէ, կրակ բանալով մեր սահմանապահ զինուորներու եւ խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ, խախտելով զինադադարի օրէնքները: Մենք վստահ ենք, որ մեր քաջարի  բանակը արդար հակահարուած կը հասցնէ։

ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան ակումբի եւ ՀԵՄ-ի վարչութիւնները եւ բոլոր անդամ-անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն զոհերու ընտանիքներուն եւ բոլոր Հայ ազգին։ Թող Աստուած իր լոյսերուն մէջ հանգչեցնէ անոնց հոգիները եւ ընտանեկան պարագաներուն մխիթարութիւն պարգեւէ:

Փառք ու պատիւ Հայ զինուորին եւ մեր հզօր բանակին։

Պիտի յաղթենք՝

Կեցցէ Հայոց հզօր բանակը,

Կեցցէ Հայաստան աշխարհը, Արցախը եւ Հայ ազգը՝ ի Սփիւռս աշխարհի։

 

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՌԱԿ-Ի ԷՕԺԷՆ ԲԱԲԱԶԵԱՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ կը յայտարարուի ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ կը յայտարարուի ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք

Մեր յաղթանակը կախուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին անհատական եւ մեր միասնական, հաւաքական ջանքէն եւ պահուածքէն. Վարչապետը ուղերձը՝ Հայ ժողովուրդին
Յաջորդ նիւթը

Մեր յաղթանակը կախուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին անհատական եւ մեր միասնական, հաւաքական ջանքէն եւ պահուածքէն. Վարչապետը ուղերձը՝ Հայ ժողովուրդին

ԱնցնիլՎեր