Այսօր կը վճռուի մեր ապագան. Արցախի նախագահին խօսքը յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներուն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, մինչեւ մարտի դաշտ մեկնիլը, գիշերը հանդիպած է յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ծառայողներու հետ: Յարութիւնեան այս մասին տեղեկացուց ֆեյսպուքեան իր էջին վրայ հրապարակած տեսանիւթով: «Մեր տղաներուն յաղթել չ՛ըլլար, եւ սա զուտ զգացական արձանագրում չէ: Պատուով պիտի պաշտպանենք մեր միացեալ Հայրենիքը»,-նշած է Արայիկ Յարութիւնեան: Յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ծառայողներուն հետ հանդիպման ժամանակ Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ այսօր կը վճռուի մեր ապագան, այս երկրին մէջ ապրելու հայ ժողովուրդի իրաւունքը: «Մենք հարիւրամեակներու ամենաճակատագրական ժամանակը կ՛ապրինք: Հայրենիք ունենալու եւ չունենալու օրհասական ժամանակը կ՛ապրինք: Մեզմէ իւրաքանչիւրէն կախեալ է ոչ միայն Արցախի, Հայաստանի, այլեւ հայ ազգի ապագան: Կ՛ուզեմ բոլորդ կատարէք ձեր ծառայութիւնը եւ շարունակէք ապրիլ
3 Հոկտեմբերի 2020
5 ր. ընթերցում
Այսօր կը վճռուի մեր ապագան. Արցախի նախագահին խօսքը յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներուն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, մինչեւ մարտի դաշտ մեկնիլը, գիշերը հանդիպած է յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ծառայողներու հետ: Յարութիւնեան այս մասին տեղեկացուց ֆեյսպուքեան իր էջին վրայ հրապարակած տեսանիւթով:

«Մեր տղաներուն յաղթել չ՛ըլլար, եւ սա զուտ զգացական արձանագրում չէ: Պատուով պիտի պաշտպանենք մեր միացեալ Հայրենիքը»,-նշած է Արայիկ Յարութիւնեան:

Յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ծառայողներուն հետ հանդիպման ժամանակ Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ այսօր կը վճռուի մեր ապագան, այս երկրին մէջ ապրելու հայ ժողովուրդի իրաւունքը:

«Մենք հարիւրամեակներու ամենաճակատագրական ժամանակը կ՛ապրինք: Հայրենիք ունենալու եւ չունենալու օրհասական ժամանակը կ՛ապրինք: Մեզմէ իւրաքանչիւրէն կախեալ է ոչ միայն Արցախի, Հայաստանի, այլեւ հայ ազգի ապագան: Կ՛ուզեմ բոլորդ կատարէք ձեր ծառայութիւնը եւ շարունակէք ապրիլ այս Հայրենիքին մէջ որպէս արժանի զաւակներ: Համոզուած եղէք, պիտի յաղթենք: Մենք աւելի դժուար ժամանակ ունեցած ենք 90-ականներուն: Այն ժամանակ յաջողեցանք, այսօր եւս պիտի յաջողինք: Այսօր ազատ երկրին մէջ մեր երեխաներու ապրելու իրաւունքը կ՛որոշուի: Մենք ունինք առաքելութիւն մեր ազգին եւ սերունդներուն առջեւ»,-ըսած է նախագահը:

Ան տեղեկացուցած է, որ աւելի վաղ հանդիպած է եզիտի եղբայրներու հետ, անոնք նոյնպէս առաջնագիծ մեկնած են` պահպանելու հայրենի հողը: Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ նաեւ միջազգային հանրութիւնը համախմբուած է` գիտակցելով այն մեծ չարիքը, որ սկիզբ առած է տարածաշրջանին մէջ:   

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան նախապէս տեղեկացուցած էր, որ կը մեկնի առաջնագիծ` իր բաժին մարտը մղելու:

Ստեփանակերտը կրկին ենթարկուած է հրթիռային յարձակման
Նախորդ նիւթը

Ստեփանակերտը կրկին ենթարկուած է հրթիռային յարձակման

Արցախի մէջ սպաննուած են 10 թուրք վարձկաններ.The Guardian
Յաջորդ նիւթը

Արցախի մէջ սպաննուած են 10 թուրք վարձկաններ.The Guardian

ԱնցնիլՎեր