Այսօր Հայաստանի մէջ Քաղաքացիի օրն է

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի օրը կը նշուի Ապրիլի վերջին շաբաթ օրը: 2019 թուականի 21 մարտին ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքի փոփոխութիւններուն, որոնց մէջ առաջարկուած է սահմանել Քաղաքացիի օրը՝ որպէս նոր տօն: ՀՀ արդարադատութեան նախարար Արտակ Զեյնալեանը նշած էր, որ տօնի անհրաժեշտութիւնը «պայմանաւորուած է 2018 թուականի ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աննախադէպ քաղաքական իրադարձութիւններով եւ անոր հետեւած թաւշեայ յեղափոխութեամբ: Ըստ Զեյնալեանի, ելլելով ընկերային–տնտեսական, իրաւական եւ քաղաքական բազմաթիւ խնդիրներու շուտափոյթ լուծման անհրաժեշտութենէն, հազարաւոր քաղաքացիներ օրեր շարունակ բողոքի ցոյցեր եւ երթեր իրականացուցած են` իշխանութիւններու առջեւ դնելով իրենց պահանջները: 2019 թուականի 9 ապրիլին ՀՀ Ազգային ժողովի կողմէ ընդունուած
25 Ապրիլի 2020
4 ր. ընթերցում
Այսօր Հայաստանի մէջ Քաղաքացիի օրն է

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի օրը կը նշուի Ապրիլի վերջին շաբաթ օրը: 2019 թուականի 21 մարտին ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքի փոփոխութիւններուն, որոնց մէջ առաջարկուած է սահմանել Քաղաքացիի օրը՝ որպէս նոր տօն:

ՀՀ արդարադատութեան նախարար Արտակ Զեյնալեանը նշած էր, որ տօնի անհրաժեշտութիւնը «պայմանաւորուած է 2018 թուականի ապրիլին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աննախադէպ քաղաքական իրադարձութիւններով եւ անոր հետեւած թաւշեայ յեղափոխութեամբ: Ըստ Զեյնալեանի, ելլելով ընկերային–տնտեսական, իրաւական եւ քաղաքական բազմաթիւ խնդիրներու շուտափոյթ լուծման անհրաժեշտութենէն, հազարաւոր քաղաքացիներ օրեր շարունակ բողոքի ցոյցեր եւ երթեր իրականացուցած են` իշխանութիւններու առջեւ դնելով իրենց պահանջները:

2019 թուականի 9 ապրիլին ՀՀ Ազգային ժողովի կողմէ ընդունուած է «Տօներու եւ յշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքի մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքը, որու հետեւանքով «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքի նոր 4.1 յօդուածը սահմանած է Քաղաքացիի օր տօնը: Համաձայն այդ յօդուածի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի օրը կը նշուի ապրիլի վերջին շաբաթ օրը:

1 Մայիսը շաբաթ օրուան հետ համընկնելու պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի օրը կը նշուի ապրիլի վերջին կիրակի օրը:

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1677 -ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 1677 -ի

Մէկ շաբաթ սահմանին. Հակառակորդը խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը աւելի քան 180 անգամ
Յաջորդ նիւթը

Մէկ շաբաթ սահմանին. Հակառակորդը խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը աւելի քան 180 անգամ

ԱնցնիլՎեր