Այսօր 8 բուժառու Արցախէն տեղափոխուած է Հայաստան

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակուելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» Փակ բաժնետիրական ընկերութենէն (ՓԲԸ) ուռուցքային հիւանդութիւններով եւ շտապ վիրահատական միջամտութիւններ պահանջող ախտաբանութեամբ 8 անձ այսօր՝ 28 փետրուարին, «Կարմիր խաչի» միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած է ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։ Այս մասին յայտնած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը։ Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը շարունակուին դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։ «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ 7 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որոնցմէ 3-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։ Մինչ այսօր «Կարմիր խաչի» միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է ընդհանուր
28 Փետրվարի 2023
3 ր. ընթերցում
Այսօր 8 բուժառու Արցախէն տեղափոխուած է Հայաստան

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակուելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» Փակ բաժնետիրական ընկերութենէն (ՓԲԸ) ուռուցքային հիւանդութիւններով եւ շտապ վիրահատական միջամտութիւններ պահանջող ախտաբանութեամբ 8 անձ այսօր՝ 28 փետրուարին, «Կարմիր խաչի» միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած է ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։ Այս մասին յայտնած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը։

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բժշկական հաստատութիւններուն մէջ կը շարունակուին դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ 7 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որոնցմէ 3-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։

Մինչ այսօր «Կարմիր խաչի» միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է ընդհանուր 135 հիւանդ։

 

Միրզոյեան Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկած է ՄԱԿ-ի գրասենեակի գլխաւոր տնօրէնի հետ
Նախորդ նիւթը

Միրզոյեան Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկած է ՄԱԿ-ի գրասենեակի գլխաւոր տնօրէնի հետ

Զարեհ Սինանեան կը գործուղուի  Լիբանան եւ Սուրիա
Յաջորդ նիւթը

Զարեհ Սինանեան կը գործուղուի Լիբանան եւ Սուրիա

ԱնցնիլՎեր