Այս պահուն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւններ չեն վարուիր․ ՀՀ ԱԳՆ

«Այս պահին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման նպատակով բանակցութիւններ չեն վարւում», այսօր՝ Սեպետմբեր 13-ին «Ազատութիւն»ի հարցին ի պատասխան, տեղեկացուցած են Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն։ «Ազատութիւնը» մասնաւորապէս հետաքրքրուած էր արտաքին գործոց նախարարութենէն, թէ արդեօք պաշտօնական բանակցութիւններ կը նախանշուի՞ն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։ «Ի պատասխան ձեր հարցման՝ յայտնում ենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դիւանագէտների միջեւ շփումները սահմանափակւում են միջազգային օրակարգի տարբեր հարցերի շուրջ բազմակողմ ձեւաչափով քննարկումներին մասնակցութեամբ», — ըսուած է ԱԳՆ պատասխանով։ Վերջին շրջանին Անգարան եւ Երեւանը պարբերաբար նամակներ կը փոխանցեն երկկողմանի յարաբերութիւնները կարգաւորելու վերաբերեալ։ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողան ըսած էր, որ Անգարան պատրաստ է կարգաւորել յարաբերութիւնները Երեւանի հետ`բարի դրացիութեան եւ
14 Սեպտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Այս պահուն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւններ չեն վարուիր․ ՀՀ ԱԳՆ

«Այս պահին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնների կարգաւորման նպատակով բանակցութիւններ չեն վարւում», այսօր՝ Սեպետմբեր 13-ին «Ազատութիւն»ի հարցին ի պատասխան, տեղեկացուցած են Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն։

«Ազատութիւնը» մասնաւորապէս հետաքրքրուած էր արտաքին գործոց նախարարութենէն, թէ արդեօք պաշտօնական բանակցութիւններ կը նախանշուի՞ն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար։

«Ի պատասխան ձեր հարցման՝ յայտնում ենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դիւանագէտների միջեւ շփումները սահմանափակւում են միջազգային օրակարգի տարբեր հարցերի շուրջ բազմակողմ ձեւաչափով քննարկումներին մասնակցութեամբ», — ըսուած է ԱԳՆ պատասխանով։

Վերջին շրջանին Անգարան եւ Երեւանը պարբերաբար նամակներ կը փոխանցեն երկկողմանի յարաբերութիւնները կարգաւորելու վերաբերեալ։ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողան ըսած էր, որ Անգարան պատրաստ է կարգաւորել յարաբերութիւնները Երեւանի հետ`բարի դրացիութեան եւ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հիման վրայ: Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանն ալ, ի պատասխան, յայտարարած էր, թէ Հայաստանը պատրաստ է Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան։

ԱՄՆ-ն ԼՂ կարգավիճակի հարցը որոշուած չի համարեր
Նախորդ նիւթը

ԱՄՆ-ն ԼՂ կարգավիճակի հարցը որոշուած չի համարեր

Միրզոյեան հաւաստիացուցած է` հայկական կողմը կը սատարէ Մինսքի խումբի համանախագահութեան դիրքորոշումը
Յաջորդ նիւթը

Միրզոյեան հաւաստիացուցած է` հայկական կողմը կը սատարէ Մինսքի խումբի համանախագահութեան դիրքորոշումը

ԱնցնիլՎեր