Այս պատուիրակութիւնն իր հետ բերած է Ամերիկայի ժողովուրդի սէրը, մենք Հայաստանի ընկերն ենք. Փելոսին՝ Փաշինեանին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութենէն ներս ընդունած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Վարչապետ Փաշինեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ, մասնաւորապէս ըսած է. «Տիկին խօսնակ, յարգելի գործընկերներ, թոյլ տուէք ջերմօրէն ողջունել ձեզ մեր երկրում, մեր կառավարութիւնում: Սա իսկապէս աննախադէպ այց է ԱՄՆ-ից Հայաստան, եւ մենք գնահատում ենք դա: Կը ցանկանայի մեր երախտագիտութիւնը յայտնել անձնապէս Ձեզ, տիկին խօսնակ, ԱՄՆ-ի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործում Ձեր անձնական ջանքերի եւ ներդրման համար, ինչպէս նաեւ Ձեր պատուիրակութեան ջանքերի համար: «Դա իսկապէս բարձր է գնահատւում, եւ նոյնիսկ միայն այդ փաստը հաշուի առնելով, բոլոր հայերը Ձեզ համարում են Հայաստանի վստահելի ընկեր: Բայց ես ցանկանում եմ շարունակել երախտագիտութեան խօսքերը,
20 Սեպտեմբերի 2022
12 ր. ընթերցում
Այս պատուիրակութիւնն իր հետ բերած է Ամերիկայի ժողովուրդի սէրը, մենք Հայաստանի ընկերն ենք. Փելոսին՝ Փաշինեանին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութենէն ներս ընդունած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետ Փաշինեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ, մասնաւորապէս ըսած է.

«Տիկին խօսնակ, յարգելի գործընկերներ, թոյլ տուէք ջերմօրէն ողջունել ձեզ մեր երկրում, մեր կառավարութիւնում: Սա իսկապէս աննախադէպ այց է ԱՄՆ-ից Հայաստան, եւ մենք գնահատում ենք դա: Կը ցանկանայի մեր երախտագիտութիւնը յայտնել անձնապէս Ձեզ, տիկին խօսնակ, ԱՄՆ-ի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործում Ձեր անձնական ջանքերի եւ ներդրման համար, ինչպէս նաեւ Ձեր պատուիրակութեան ջանքերի համար:

«Դա իսկապէս բարձր է գնահատւում, եւ նոյնիսկ միայն այդ փաստը հաշուի առնելով, բոլոր հայերը Ձեզ համարում են Հայաստանի վստահելի ընկեր: Բայց ես ցանկանում եմ շարունակել երախտագիտութեան խօսքերը, որովհետեւ ցանկանում եմ նաեւ երախտագիտութիւն յայտնել հայկական ժողովրդավարութեանն ուղղուած ԱՄՆ-ի աջակցութեան համար, քանի որ դա նոյնպէս շատ կարեւոր է մեզ համար:

Մենք տեսնում ենք ԱՄՆ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` աջակցելու մեր երկրում ժողովրդավարական օրակարգին: Ցանկանում եմ յայտնել մեր նուիրուածութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումների օրակարգին, չնայած այն հանգամանքին, որ, ինչպէս տեսնում էք, դա այնքան էլ հեշտ ճանապարհ չէ:

«Եւս մէկ փաստ, որ կը ցանկանայի նշել. մենք գնահատում ենք ԱՄՆ-ի յստակ դիրքորոշումը` կապուած Ատրպէյճանի  կողմից Հայաստանի դէմ ագրեսիայի հետ: Իհարկէ, ԱՄՆ կառավարութեան կողմից յստակ ձեւակերպումները գնահատելի են, որովհետեւ դա շատ կարեւոր է մեզ համար:

«Տեղեակ էք, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը քննարկել է ներկայ իրավիճակը, եւ մենք յոյս ունենք, ու դա մեր դիրքորոշումն է, որ այս իրավիճակը պէտք է շարունակի մնալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդի օրակարգում եւ այս առումով, իհարկէ, մենք ապաւինում ենք ԱՄՆ աջակցութեանը»:

Իր հերթին Նենսի Փելոսին ըսած է. «Շատ շնորհակալ եմ, պարոն վարչապետ, ողջոյնի ջերմ խօսքերուն եւ այս պատուիրակութեան անդամ իմ գործընկերներու կողմէ կատարուած հսկայական աշխատանքի գնահատման համար: Աջակցութիւնը ժողովրդավարութեան` Հայաստանի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, հակազդեցութիւնը Թուրքիային Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, եւ բոլոր մնացած առումներով մենք Հայաստանի ընկերն ենք: Մենք այստեղ ենք` յարգելով Ձեր կառավարութիւնը:

«Անցած տարի տեղի ունեցան ընտրութիւններ, որոնք գնահատուեցան ազատ եւ արդար, եւ Ձեր հրաշալի յաղթանակը պատերազմի եւ այլ հանգամանքներու պայմաններուն մէջ: Եւ հարցը հոն է, որ երբ մենք սովորաբար կ’այցելենք որեւէ երկիր, այդ յարգանքը դրսեւորելու, լսելու եւ սորուելու նպատակ կ՛ունենան, բայց ես կրնամ անկեղծօրէն ըսել, որ ԱՄՆ-էն Հայաստան եկած այս պատուիրակութիւնը իր հետ բերած է Ամերիկայի ժողովուրդի սերը, յարգանք` Ձեր կառավարութեան եւ սեր` Հայաստանի ժողովուրդին հանդէպ»:

Այնուհետեւ զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան գործընկերութեան, տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան յետագայ զարգացման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հետեւողական քայլերը ժողովրդավարութեան ամրապնդման, ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման ուղղութեամբ: Գործադիրի ղեկավարը բարձր գնահատած է ԱՄՆ օժանդակութիւնը` ՀՀ կառավարութեան բարեփոխումներու հարուստ օրակարգի յառաջմղման գործին մէջ:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Նենսի Փելոսին անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ դրսեւորուած յարձակումին եւ ՀՀ տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումները դուրս բերելու վերաբերող հարցերուն:

Քննարկուած են տարածաշրջանի ճանապարհներու, ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմանը վերաբերող հարցերը:

Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակը վստահեցուցած է, որ ամերիկեան կողմը պիտի շարունակէ գործնականօրէն նպաստել երկկողմ բազմաոլորտ փոխգործակցութեան յետագայ ընդլայնման ու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրնրուն:

Մենք այստեղ ենք, որպէսզի լսենք, թէ ինչ կրնանք ընել. ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ
Նախորդ նիւթը

Մենք այստեղ ենք, որպէսզի լսենք, թէ ինչ կրնանք ընել. ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ

Սուրէն ՊապիկեանըՆենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութեան ներկայացուցած է սահմանային իրադրութիւնը
Յաջորդ նիւթը

Սուրէն ՊապիկեանըՆենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութեան ներկայացուցած է սահմանային իրադրութիւնը

ԱնցնիլՎեր