Սուրէն ՊապիկեանըՆենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութեան ներկայացուցած է սահմանային իրադրութիւնը

18 Սեպտեմբերին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Սուրէն Պապիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Փելոսիին՝ իրավիճակին արագ արձագանգելու, Հայաստան այցելելու, 13 Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման վերաբերեալ հասցէական գնահատականներ հնչեցնելու համար: Ան Փելոսիին ներկայացուց ատրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրադրութիւնը, իսկ Փելոսի իր կարգին անդրադարձաւ այս իրավիճակին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշման: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
20 Սեպտեմբերի 2022
2 ր. ընթերցում
Սուրէն ՊապիկեանըՆենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութեան ներկայացուցած է սահմանային իրադրութիւնը

18 Սեպտեմբերին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Սուրէն Պապիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց Փելոսիին՝ իրավիճակին արագ արձագանգելու, Հայաստան այցելելու, 13 Սեպտեմբերին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման վերաբերեալ հասցէական գնահատականներ հնչեցնելու համար:

Ան Փելոսիին ներկայացուց ատրպէյճանական լայնածաւալ ռազմական յարձակման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրադրութիւնը, իսկ Փելոսի իր կարգին անդրադարձաւ այս իրավիճակին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշման:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Այս պատուիրակութիւնն իր հետ բերած է Ամերիկայի ժողովուրդի սէրը, մենք Հայաստանի ընկերն ենք. Փելոսին՝ Փաշինեանին
Նախորդ նիւթը

Այս պատուիրակութիւնն իր հետ բերած է Ամերիկայի ժողովուրդի սէրը, մենք Հայաստանի ընկերն ենք. Փելոսին՝ Փաշինեանին

«Հայոց պետականութիւնը կանգնած է նոր ու աղէտալի պատերազմի շեմին». Արայիկ Յարութիւնեան
Յաջորդ նիւթը

«Հայոց պետականութիւնը կանգնած է նոր ու աղէտալի պատերազմի շեմին». Արայիկ Յարութիւնեան

ԱնցնիլՎեր