Անգարայի մէջ պղծած են քրիստոնեաներու շիրիմները

Քանդիչներ պղծած են Անգարայի մէջ Օրթաքէօ գերեզմանատան 20 քրիստոնեաներու, այդ շարքին՝ Ռուսաստանէն գաղթածներու գերեզմանները, կը հաղորդէ Hurriyet թերթը: Պարբերականի տեղեկութիւններով՝ գերեզման պղծողները վեց դեռահասներ են: Անոնք տապալած են յուշաքարերը եւ կոտրած: Յուշաքարերուն վրայ եղած են ռուսական ազգանուններ: Ընդհանուր առմամբ գերեզմանատան մէջ, ուր թաղուած են ոչ իսլամներ, կայ 72 գերեզման: Քանդիչները բերման ենթարկած է գերեզմանատան պահպանութեան ծառայութիւնը, այնուհետեւ հարցաքննած է ոստիկանութիւնը, որմէ ետք անոնք ազատ արձակուած են: Կը հաղորդուի, որ այժմ անոնք պէտք է փոխհատուցեն հասցուած վնասը հանգուցեալներու բարեկամներուն: Աւելի վաղ Sputnik Թուրքիային տուած հարցազրոյցին մէջ Անգարայի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսէյ Երխովը յայտարարած է, որ սուրիական Իտլիպի մէջ իրավճակի սրումն առաջացուցած է հակառուսական քարոզչութիւն թրքական ընկերային ցանցերու մէջ, ան նաեւ յայտնած է իր հասցէին հնչած սպառնալիքի մասին: 
17 Փետրվարի 2020
3 ր. ընթերցում
Անգարայի մէջ պղծած են քրիստոնեաներու շիրիմները

Քանդիչներ պղծած են Անգարայի մէջ Օրթաքէօ գերեզմանատան 20 քրիստոնեաներու, այդ շարքին՝ Ռուսաստանէն գաղթածներու գերեզմանները, կը հաղորդէ Hurriyet թերթը:

Պարբերականի տեղեկութիւններով՝ գերեզման պղծողները վեց դեռահասներ են: Անոնք տապալած են յուշաքարերը եւ կոտրած: Յուշաքարերուն վրայ եղած են ռուսական ազգանուններ: Ընդհանուր առմամբ գերեզմանատան մէջ, ուր թաղուած են ոչ իսլամներ, կայ 72 գերեզման:

Քանդիչները բերման ենթարկած է գերեզմանատան պահպանութեան ծառայութիւնը, այնուհետեւ հարցաքննած է ոստիկանութիւնը, որմէ ետք անոնք ազատ արձակուած են: Կը հաղորդուի, որ այժմ անոնք պէտք է փոխհատուցեն հասցուած վնասը հանգուցեալներու բարեկամներուն:

Աւելի վաղ Sputnik Թուրքիային տուած հարցազրոյցին մէջ Անգարայի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսէյ Երխովը յայտարարած է, որ սուրիական Իտլիպի մէջ իրավճակի սրումն առաջացուցած է հակառուսական քարոզչութիւն թրքական ընկերային ցանցերու մէջ, ան նաեւ յայտնած է իր հասցէին հնչած սպառնալիքի մասին: 

Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար գրանցուած է 14 թեկնածու
Նախորդ նիւթը

Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար գրանցուած է 14 թեկնածու

Փաշինեանը կոչ ըրաւ մասնակցելու «Այո»-ի մակնիշի ստեղծման բաց մրցանքին
Յաջորդ նիւթը

Փաշինեանը կոչ ըրաւ մասնակցելու «Այո»-ի մակնիշի ստեղծման բաց մրցանքին

ԱնցնիլՎեր