Փաշինեանը կոչ ըրաւ մասնակցելու «Այո»-ի մակնիշի ստեղծման բաց մրցանքին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆեյսպուքեան իր էջին տեղադրած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցով հանրաքուէի «Այո»-ի նախընտրական շտապի գրառումը, ուր «Այո»-ի մակնիշի բաց մրցոյթ յայտարարուած է եւ կոչ եղած մասնակցելու մրցոյթին։ ««Այո»-ի պրենտինկի բաց մրցոյթ: Մասնակցեցէք եւ յաղթեցէք»,-նշած է ան: Նշենք, որ սահմանադրական բարեփոխումներու շրջածիրէն ներս «Այո»-ի շտապը յայտարարած է «Այո»-ի քարոզչական պրենտինկի բաց մրցոյթ։ Մրցոյթի շրջագիծէն ներս հարկաւոր է ստեղծել․ 1. «Այո»-ի լոկօ 2. Պանըրի, սքրոլըրի ձեւաորում 3. Ֆլայըրներու ձեւաւորում 4. Facebook-ի համար նախատեսուած cover նկար 5. Facebook-ի համար նախատեսուած profile նկար 6. Facebook-ի համար նախատեսուած շրջանակ Մրցոյթին 1-ին տեղը զբաղեցնողը պիտի ստանայ 3 միլիոն դրամ, 2-րդ տեղը՝ 2 միլիոն դրամ, 3-րդ
18 Փետրվարի 2020
2 ր. ընթերցում
Փաշինեանը կոչ ըրաւ մասնակցելու «Այո»-ի մակնիշի ստեղծման բաց մրցանքին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆեյսպուքեան իր էջին տեղադրած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցով հանրաքուէի «Այո»-ի նախընտրական շտապի գրառումը, ուր «Այո»-ի մակնիշի բաց մրցոյթ յայտարարուած է եւ կոչ եղած մասնակցելու մրցոյթին։

««Այո»-ի պրենտինկի բաց մրցոյթ: Մասնակցեցէք եւ յաղթեցէք»,-նշած է ան:

Նշենք, որ սահմանադրական բարեփոխումներու շրջածիրէն ներս «Այո»-ի շտապը յայտարարած է «Այո»-ի քարոզչական պրենտինկի բաց մրցոյթ։ Մրցոյթի շրջագիծէն ներս հարկաւոր է ստեղծել․

1. «Այո»-ի լոկօ
2. Պանըրի, սքրոլըրի ձեւաորում
3. Ֆլայըրներու ձեւաւորում
4. Facebook-ի համար նախատեսուած cover նկար
5. Facebook-ի համար նախատեսուած profile նկար
6. Facebook-ի համար նախատեսուած շրջանակ

Մրցոյթին 1-ին տեղը զբաղեցնողը պիտի ստանայ 3 միլիոն դրամ, 2-րդ տեղը՝ 2 միլիոն դրամ, 3-րդ տեղը՝ 1 միլիոն դրամ։

 

Անգարայի մէջ պղծած են քրիստոնեաներու շիրիմները
Նախորդ նիւթը

Անգարայի մէջ պղծած են քրիստոնեաներու շիրիմները

Կայացուած են քատրային որոշումներ. Փաշինեանը՝ բանակի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու վերաբերեալ քննարկման մասին
Յաջորդ նիւթը

Կայացուած են քատրային որոշումներ. Փաշինեանը՝ բանակի մէջ տեղի ունեցած դէպքերու վերաբերեալ քննարկման մասին

ԱնցնիլՎեր