Անգարա կը շարունակէ թախանձել. Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները առաջուան փայլը չունին

Թուրքիան խնդրած է ԱՄՆ-էն չեղարկել առեւտրային արգելապատնէշը երկու երկիրներու միջեւ, երկկողմանի առեւտուրի ծաւալներու կտրուկ աճին ուղղուած բանակցութիւններու ժամանակ: Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարը: Reuters-ի հաղորդմամբ՝ Ուաշինկթընն ու Անգարան յաւակնոտ նպատակ սահմանած են՝ չորս անգամ մեծցնել առեւտուրի ծաւալները, հասցընելով տարեկան մինչեւ 100 միլիառ տոլարի:  Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Ռուխսար Փեքանը ԱՄՆ-ի նախարար Ուիլպըր Ռոսին յայտնած է որոշակի արգելքները հեռացնելու յստակ ակնկալիքի մասին, որ կը խոչընդոտէ երկկողմանի առեւտուրի հեռանկարները: Նշենք, որ Մայիսին Սպիտակ տունը յայտարարած էր, որ պիտի դադրեցնէ Թուրքիոյ հետ արտօնեալ առեւտրային համաձայնագրի գործողութիւնը՝ նշելով, որ Թուրքիոյ տնտեսական զարգացման մակարդակը թոյլ չի տար, որ այն այլեւս իրաւունք ունենայ աջակցութիւն ստանալու: Թուրքիան կրնայ
9 Սեպտեմբերի 2019
4 ր. ընթերցում
Անգարա կը շարունակէ թախանձել. Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները առաջուան փայլը չունին

Թուրքիան խնդրած է ԱՄՆ-էն չեղարկել առեւտրային արգելապատնէշը երկու երկիրներու միջեւ, երկկողմանի առեւտուրի ծաւալներու կտրուկ աճին ուղղուած բանակցութիւններու ժամանակ: Այս մասին ըսած է Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարը:

Reuters-ի հաղորդմամբ՝ Ուաշինկթընն ու Անգարան յաւակնոտ նպատակ սահմանած են՝ չորս անգամ մեծցնել առեւտուրի ծաւալները, հասցընելով տարեկան մինչեւ 100 միլիառ տոլարի: 

Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Ռուխսար Փեքանը ԱՄՆ-ի նախարար Ուիլպըր Ռոսին յայտնած է որոշակի արգելքները հեռացնելու յստակ ակնկալիքի մասին, որ կը խոչընդոտէ երկկողմանի առեւտուրի հեռանկարները:

Նշենք, որ Մայիսին Սպիտակ տունը յայտարարած էր, որ պիտի դադրեցնէ Թուրքիոյ հետ արտօնեալ առեւտրային համաձայնագրի գործողութիւնը՝ նշելով, որ Թուրքիոյ տնտեսական զարգացման մակարդակը թոյլ չի տար, որ այն այլեւս իրաւունք ունենայ աջակցութիւն ստանալու:

Թուրքիան կրնայ նաեւ բախուիլ ՆԱԹՕ-ի մէջ իր դաշնակիցի սահմանած պատժամիջոցներուն՝ Յուլիսին Ս-400-ի մատակարարման կապակցութեամբ:

Փեքանը ըսած է, որ կողմերը քննարկած են Թուրքիոյ արտահանման ծաւալներու մեծացումը՝ քաղաքացիական օդային թռիչքներու, մեքենաշինութեան, ոսկերչութեան, կահոյքագործութեան, կերպասի եւ հագուստի արտադրութեան ոլորտներու մէջ:

ԱՄՆ-ի դեսպանատունը յայտարարած է, որ Ռոսն ու փեքանը համաձայնութեան եկած են, որ 10 միլիառ տոլարի չափով առեւտուրի ծաւալը աւելցնելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ երկու կողմերու լարուած աշխատանքը: Միացեալ Նահանգները յայտարարած է, որ 2017 թուականին Թուրքիոյ հետ ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած է 24 միլիառ տոլար:

Նախնական տուեալներով Ստեփանակերտի քաղաքապետ ընտրուած է Դաւիթ Սարգսեանը
Նախորդ նիւթը

Նախնական տուեալներով Ստեփանակերտի քաղաքապետ ընտրուած է Դաւիթ Սարգսեանը

Հայաստանի հաւաքականի փայլուն յաղթանակը  Պոսնիայի դէմ. Արդիւնքը ՝  4-2
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի հաւաքականի փայլուն յաղթանակը Պոսնիայի դէմ. Արդիւնքը ՝ 4-2

ԱնցնիլՎեր