Անթալիոյ մէջ հանդիպած են Արարատ Միրզոյեանն ու Մեւլութ Չաւուշօղլուն

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Մեւլութ Չաւուշօղլուն Անթալիոյ մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք անդրադարձած են կայացած հանդիպման արդիւնքներուն: Ըստ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարի՝ հանդիպումը շատ կառուցողական ու արդիւնաւէտ եղած է: «Քննարկուած են քայլեր՝ ուղղուած յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման»,- ըսած է Չաւուշօղլուն: Նախարար Միրզոյեան նախ շնորհակալութիւն  յայտնած է նախարար Չաւուշողլուին հրաւէրին համար: «Կարծում եմ` հրաւէրը բաւականին դրական ուղերձ էր, եւ անհրաժեշտ եմ համարել նոյն դրական կերպով արձագանգել այդ ուղերձին: Մեր հանդիպման ընթացքում վերահաստատել ենք երկու կողմի պատրաստակամութիւնը` շարունակել կարգաւորման գործընթացը` յարաբերութիւնների հաստատման եւ սահմանների բացման նպատակով` առանց որեւէ նախապայմանի»,- ըսած է Միրզոյեան: Միրզոյեան նաեւ յայտնած է, թէ «Ուրախ եմ տեսնել, որ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդները, բոլոր պետութիւնները փորձում են կառուցել խաղաղութիւն եւ կայունութիւն մեր տարածաշրջանում: Եւ ուզում եմ ասել, որ Հայաստանը հաստատակամ է
13 Մարտի 2022
4 ր. ընթերցում
Անթալիոյ մէջ հանդիպած են Արարատ Միրզոյեանն ու Մեւլութ Չաւուշօղլուն

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Մեւլութ Չաւուշօղլուն Անթալիոյ մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք անդրադարձած են կայացած հանդիպման արդիւնքներուն:

Ըստ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարի՝ հանդիպումը շատ կառուցողական ու արդիւնաւէտ եղած է: «Քննարկուած են քայլեր՝ ուղղուած յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման»,- ըսած է Չաւուշօղլուն:

Նախարար Միրզոյեան նախ շնորհակալութիւն  յայտնած է նախարար Չաւուշողլուին հրաւէրին համար: «Կարծում եմ` հրաւէրը բաւականին դրական ուղերձ էր, եւ անհրաժեշտ եմ համարել նոյն դրական կերպով արձագանգել այդ ուղերձին: Մեր հանդիպման ընթացքում վերահաստատել ենք երկու կողմի պատրաստակամութիւնը` շարունակել կարգաւորման գործընթացը` յարաբերութիւնների հաստատման եւ սահմանների բացման նպատակով` առանց որեւէ նախապայմանի»,- ըսած է Միրզոյեան:

Միրզոյեան նաեւ յայտնած է, թէ «Ուրախ եմ տեսնել, որ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդները, բոլոր պետութիւնները փորձում են կառուցել խաղաղութիւն եւ կայունութիւն մեր տարածաշրջանում: Եւ ուզում եմ ասել, որ Հայաստանը հաստատակամ է տարածաշրջանում խաղաղութիւն հաստատելու հարցում»։

Յիշեցնենք, որ Միրզոյեան կը գտնուի Անթալիա, ուր մասնակցած է Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած «Դիւանգիտական ֆորում»ին։

5-րդ օրն ըլլալով Արցախի 100 հազար բնակիչ զրկուած է կազամատակարարումէ
Նախորդ նիւթը

5-րդ օրն ըլլալով Արցախի 100 հազար բնակիչ զրկուած է կազամատակարարումէ

Իսթանպուլի մէջ ձիւնի առատ տեղումներու պատճառով չեղարկուած է 407 թռիչք
Յաջորդ նիւթը

Իսթանպուլի մէջ ձիւնի առատ տեղումներու պատճառով չեղարկուած է 407 թռիչք

ԱնցնիլՎեր