Անխուսափելի է, ԱՄՆ-ն պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Նիկոլ Փաշինեանի հարցազրոյցը Fox LA-ին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վստահութիւն յայտնած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին Փաշինեան ըսած է Fox LA-ի թղթակից Էլեքս Մայքլսընի հետ զրոյցի ժամանակ: «Անխուսափելի է: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ես վստահ չեմ, թէ ճիշդ երբ այդ կ’ըլլայ, բայց վստահ եմ, որ այն տեղի պիտի ունենայ»,- ըսած է վարչապետը:  Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ նշած է, որ Անկախութեան տօնը այս տարի կայացած է Գիւմրիի մէջ, քանի որ Գիւմրին 2-րդ քաղաքն է Հայաստանի մէջ մեծութեամբ, իր հնութեամբ ու գեղեցկութեամբ կ’առանձնանայ, եւ շատերը ոչ մէկ անգամ այցելած էին Գիւմրի: Անդրադառնալով թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութեան՝ Փաշինեանը ընդգծած է,
25 Սեպտեմբերի 2019
4 ր. ընթերցում
Անխուսափելի է, ԱՄՆ-ն պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը. Նիկոլ Փաշինեանի հարցազրոյցը Fox LA-ին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վստահութիւն յայտնած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին Փաշինեան ըսած է Fox LA-ի թղթակից Էլեքս Մայքլսընի հետ զրոյցի ժամանակ:

«Անխուսափելի է: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ես վստահ չեմ, թէ ճիշդ երբ այդ կ’ըլլայ, բայց վստահ եմ, որ այն տեղի պիտի ունենայ»,- ըսած է վարչապետը: 

Նիկոլ Փաշինեանը նաեւ նշած է, որ Անկախութեան տօնը այս տարի կայացած է Գիւմրիի մէջ, քանի որ Գիւմրին 2-րդ քաղաքն է Հայաստանի մէջ մեծութեամբ, իր հնութեամբ ու գեղեցկութեամբ կ’առանձնանայ, եւ շատերը ոչ մէկ անգամ այցելած էին Գիւմրի:

Անդրադառնալով թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութեան՝ Փաշինեանը ընդգծած է, որ այն չէ եղած, որպէսզի ինքը վարչապետ դառնայ: ՀՀ վարչապետի խօսքով՝ տնտեսական առաջընթաց կայ երկրին մէջ, եւ այն աստիճանաբար կ’աճի ամէն ամիս: «Եւ ես հիմա վստահ եմ, որ մենք յաջողութեան պիտի հասնինք մեր տնտեսական յեղափոխութեան առումով»,-նկատած է ան:

Ան նաեւ ըսած է, որ կը ցանկայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող մարդոց աւելի շատ տեղեկացնել, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ: 

«Ես կը ցանկամ Ամերիկայի մէջ աւելի մեծ թիւով մարդոց տեղեկացնել, թէ ինչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, որովհետեւ այդ ժողովրդավարութեան յաղթանակն է»,- ըսած է վարչապետը:

Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանը 23 Սեպտեմբերին ելոյթ ունեցած է Լոս Անճելոսի Կրանտ Փարքին մէջ հրաւիրուած հանրահաւաքին:

Յայտնի են Հայկ Յարութիւնեանի հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան օրն ու վայրը
Նախորդ նիւթը

Յայտնի են Հայկ Յարութիւնեանի հոգեհանգիստի եւ յուղարկաւորութեան օրն ու վայրը

Հրատապ. Հայկական ուժերը վար առած են ատրպէյճանական անօդաչու սարք մը
Յաջորդ նիւթը

Հրատապ. Հայկական ուժերը վար առած են ատրպէյճանական անօդաչու սարք մը

ԱնցնիլՎեր