Անկախութեան տօնի առթիւ ՀՀ վարչապետին շնորհաւորական ուղերձ յղած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29-րդ տարեդարձի առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: «Մեծարգոյ վարչապետ, Մեծ ուրախութեամբ կը շնորհաւորեմ Ձեզ 21 Սեպտեմբերի՝ Ձեր երկրի Անկախութեան տօնի առթիւ: Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ձեռքբերման յաջորդած 29 տարիներու ընթացքին Միացեալ Նահանգները եղած է հայ ժողովուրդի կողքին ու աջակցած է ժամանակակից ժողովրդավարութեան կառուցման եւ տնտեսական զարգացմանն ուղղուած Ձեր ջանքերուն: Մենք պատրաստ ենք շարունակելու համագործակցութիւնը մեր ընդհանուր շահերու, այդ շարքին՝ երկկողմ առեւտուրի ու ներդրումներու ընդլայնման, իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման, տարածաշրջանային կայունութեան եւ Ձեր երկրի ինքնիշխանութեան սատարելու տիրոյթներուն մէջ:
21 Սեպտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Անկախութեան տօնի առթիւ ՀՀ վարչապետին շնորհաւորական ուղերձ յղած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 29-րդ տարեդարձի առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Մեծարգոյ վարչապետ,

Մեծ ուրախութեամբ կը շնորհաւորեմ Ձեզ 21 Սեպտեմբերի՝ Ձեր երկրի Անկախութեան տօնի առթիւ:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ձեռքբերման յաջորդած 29 տարիներու ընթացքին Միացեալ Նահանգները եղած է հայ ժողովուրդի կողքին ու աջակցած է ժամանակակից ժողովրդավարութեան կառուցման եւ տնտեսական զարգացմանն ուղղուած Ձեր ջանքերուն: Մենք պատրաստ ենք շարունակելու համագործակցութիւնը մեր ընդհանուր շահերու, այդ շարքին՝ երկկողմ առեւտուրի ու ներդրումներու ընդլայնման, իրաւունքի գերակայութեան ամրապնդման, տարածաշրջանային կայունութեան եւ Ձեր երկրի ինքնիշխանութեան սատարելու տիրոյթներուն մէջ:

Այսօրուան մարտահրաւէրները անգամ մը եւս կը վերահաստատեն մեր գործընկերութեան կարեւորութիւնը: Հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներու միջեւ կապերը անհերքելիօրէն ամուր են ու տեւական՝ ըլլայ այդ միասնաբար նոր «Քորոնա» ժահրի համաշխարհային համավարակին դիմակայելու, թէ Աֆղանստանի կամ Քոսովոյի միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններուն կողք կողքի ծառայելու:

Այս առանձնայատուկ օրուան առթիւ Ձեզի կը մաղթենք ամենայն բարիք եւ անհամբերութեամբ կը սպասենք մեր բարեկամութեան ամրապնդման՝ առաջիկայ տարուան ընթացքին»,- ըսուած է ԱՄՆ նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ։

Ինքնիշխան ու ազատ պետութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային օրակարգի առանցքին է. Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը
Նախորդ նիւթը

Ինքնիշխան ու ազատ պետութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային օրակարգի առանցքին է. Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը

Այն երազանքները, որ ունէինք անկախութիւն հռչակելու ժամանակ, իրականութիւն են. ՀՀ նախագահ
Յաջորդ նիւթը

Այն երազանքները, որ ունէինք անկախութիւն հռչակելու ժամանակ, իրականութիւն են. ՀՀ նախագահ

ԱնցնիլՎեր