Անհնար է յաղթել ժողովուրդի մը, որ ժամերու ընթացքին կը վերածուի կուռ ու միասնական բանակի․ Արայիկ Յարութիւնեան

Յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն իր ֆեյսպուքեան էջին հետեւեալ գրառումը ըրած է․ «Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող սիրելի՛ հայրենակիցներ, Արդէն երկրորդ օրն է կը շարունակենք աշխոյժ կերպով գտնուիլ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան սանձազերծած պատերազմական լայնամաշտապ գործողութիւններու մէջ: Գիշերուան ընթացքին Պաշտպանութեան բանակն իրականացուցած է քանի մը փայլուն ռազմագործողութիւններ՝ պաշտպանական բնագիծի տարբեր հատուածներուն մէջ վերականգնելով կորսնցուցած դիրքերը կամ ունեցած է որոշակի յառաջխաղացում: Հպարտ եւ շնորհակալ եմ մեր զօրքին, հրամանատարութեան՝ ցուցաբերուող մարտական բարձր ոգիի եւ պատրաստականութեան համար: Հպարտ եւ շնորհակալ եմ մեր ժողովուրդին՝ այս ընթացքին ցուցաբերած ողջախոհութեան, ամէն ինչ յանուն Հայրենիքի ու ճակատի՝ նուիրուածութեան համար: Հպարտ եւ շնորհակալ եմ ՀՀ
28 Սեպտեմբերի 2020
4 ր. ընթերցում
Անհնար է յաղթել ժողովուրդի մը, որ ժամերու ընթացքին կը վերածուի կուռ ու միասնական բանակի․ Արայիկ Յարութիւնեան

Յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն իր ֆեյսպուքեան էջին հետեւեալ գրառումը ըրած է․

«Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Արդէն երկրորդ օրն է կը շարունակենք աշխոյժ կերպով գտնուիլ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան սանձազերծած պատերազմական լայնամաշտապ գործողութիւններու մէջ: Գիշերուան ընթացքին Պաշտպանութեան բանակն իրականացուցած է քանի մը փայլուն ռազմագործողութիւններ՝ պաշտպանական բնագիծի տարբեր հատուածներուն մէջ վերականգնելով կորսնցուցած դիրքերը կամ ունեցած է որոշակի յառաջխաղացում:

Հպարտ եւ շնորհակալ եմ մեր զօրքին, հրամանատարութեան՝ ցուցաբերուող մարտական բարձր ոգիի եւ պատրաստականութեան համար:

Հպարտ եւ շնորհակալ եմ մեր ժողովուրդին՝ այս ընթացքին ցուցաբերած ողջախոհութեան, ամէն ինչ յանուն Հայրենիքի ու ճակատի՝ նուիրուածութեան համար:

Հպարտ եւ շնորհակալ եմ ՀՀ մեր հայրենակիցներուն ու իշխանութիւններուն՝ ցուցաբերած անվերապահ սատարման համար:

Հպարտ եւ շնորհակալ եմ աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներուն աջակցող հազարաւոր զանգերու ու խօսքերու համար:

Խոնարհումս ու ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ այս ընթացքին հերոսի կեանքով ինկած մեր բոլոր տղաներուն հարազատներուն: Հպարտ եւ շնորհակալ եմ:

Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

Անգամ մը եւս կը դիմեմ բոլորիդ՝ յաղթանակի անվերապահ հաւատով ու զգացումով: Անհնար է յաղթել ժողովուրդի մը, որ ժամերու ընթացքին կը վերածուի կուռ ու միասնական բանակի:

Յաղթանակը մերը պիտի ըլլայ»:

Հակառակորդը վերսկսած է յարձակողական գործողութիւնները․ կիրառուած է նաեւ «ՏՕՍ» ծանր հրանետային համակարգ
Նախորդ նիւթը

Հակառակորդը վերսկսած է յարձակողական գործողութիւնները․ կիրառուած է նաեւ «ՏՕՍ» ծանր հրանետային համակարգ

Հակառակորդի քանի մը տասնեակ դիակներ կը գտնուին հայկական կողմի մօտ
Յաջորդ նիւթը

Հակառակորդի քանի մը տասնեակ դիակներ կը գտնուին հայկական կողմի մօտ

ԱնցնիլՎեր