Անյայտ անձեր սպառնացած են պայթեցնել Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ դեսպանատուները

7 Յունուարին անյայտ անձեր պայթումի սպառնալիքներով նամակներ ուղարկած են Ռուսաստնաի մէջ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ դեսպանատուներու ելեկտրոնային փոստին: Անոնք կը պահանջէին Ղազախստանի տարածքէն դուրս բերել երկիրներու զօրքերը։ Շէնքերը հետազօտուած են, պայթուցիկ սարքեր եւ պայթուցիկ նիւթեր չեն յայտնաբերուած:  Ռուսաստանի ոստիկանութեան աշխատակիցները քրէական գործեր յարուցած են Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ դեսպանատուներու պայթումի սպառնալիքներով անանուն հաղորդումներէն յետոյ: Քրէական գործեր յարուցուած են ՌԴ ՔՕ 207-րդ յօդուածի 2-րդ մասով («ակնյայտ կեղծ հաղորդում ահաբեկչութեան արարքի մասին»: Յօդուածի պատժամիջոցը կը նախատեսէ 500-էն մինչեւ 700 հազար ռուբլիի չափով տուգանք կամ երեքէն մինչեւ հինգ տարուայ ազատազրկում:  
10 Հունվարի 2022
2 ր. ընթերցում
Անյայտ անձեր սպառնացած են պայթեցնել Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ դեսպանատուները

7 Յունուարին անյայտ անձեր պայթումի սպառնալիքներով նամակներ ուղարկած են Ռուսաստնաի մէջ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ դեսպանատուներու ելեկտրոնային փոստին: Անոնք կը պահանջէին Ղազախստանի տարածքէն դուրս բերել երկիրներու զօրքերը։ Շէնքերը հետազօտուած են, պայթուցիկ սարքեր եւ պայթուցիկ նիւթեր չեն յայտնաբերուած: 

Ռուսաստանի ոստիկանութեան աշխատակիցները քրէական գործեր յարուցած են Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ դեսպանատուներու պայթումի սպառնալիքներով անանուն հաղորդումներէն յետոյ:

Քրէական գործեր յարուցուած են ՌԴ ՔՕ 207-րդ յօդուածի 2-րդ մասով («ակնյայտ կեղծ հաղորդում ահաբեկչութեան արարքի մասին»: Յօդուածի պատժամիջոցը կը նախատեսէ 500-էն մինչեւ 700 հազար ռուբլիի չափով տուգանք կամ երեքէն մինչեւ հինգ տարուայ ազատազրկում:

 

Աւետման լոյսը՝ բոլորիս տուներուն մէջ
Նախորդ նիւթը

Աւետման լոյսը՝ բոլորիս տուներուն մէջ

Մենք թոյլ չենք տար մեր տան մէջ գունաւոր յեղափոխութիւններու սենարներ իրականացնել. Փութին
Յաջորդ նիւթը

Մենք թոյլ չենք տար մեր տան մէջ գունաւոր յեղափոխութիւններու սենարներ իրականացնել. Փութին

ԱնցնիլՎեր