Անյապաղ ազատել հայ ռազմագերիները եւ քննութիւն սկսիլ պատերազմական յանցագործութիւններու հարցով. նոր օրինագիծ ԱՄՆ-ի Քոնկրեսին մէջ

ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդուած է Թոնի Քարտենասի, Ատամ Շիֆի եւ Պրետ Շերմանի առաջարկած օրէնսդրական փոփոխութիւններու նախագիծը, որ կը պահանջէ Ատրպէյճանէն ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները:  Բացի այդ, Քարտենաս-Շիֆ-Շերման փոփոխութիւններու նախագիծը կոչ կ’ընէ զեկոյց պատրաստելու Ատրպէյճանի կողմէ դրսեւորուած պատերազմական յանցագործութիւններու, այդ շարքին՝ հայ քաղաքացիներու դէմ անթոյլատրելի զինամթերքի եւ սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործման մասին: Նախագիծը կը պահանջէ նաեւ հետաքննութիւն իրականացնել թրքական անօդաչուներուն մէջ ամերիկեան արհեստագիտութիւններու օգտագործման վերաբերեալ, որոնք կիրառուած են 2020 թուականի Արցախեան պատերազմի ընթացքին՝ թիրախաւորելու հայ բնակչութիւնը: Նախագիծի համահեղինակներն են քոնկրեսականներ Ճեքի Սփիրը, Էնտի Լեւինը, Գաս Պիլիրաքիսը, Զոյի Լոֆկրենը, Ֆրանք Փալոնը, Ճեն Շչաքովսքին, Տէյվիտ Վալատոն, Ճուտի Չուն, Աննա Էշուն, Քեթի Փորթըրը,
23 Սեպտեմբերի 2021
3 ր. ընթերցում
Անյապաղ ազատել հայ ռազմագերիները եւ քննութիւն սկսիլ պատերազմական յանցագործութիւններու հարցով. նոր օրինագիծ ԱՄՆ-ի Քոնկրեսին մէջ

ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդուած է Թոնի Քարտենասի, Ատամ Շիֆի եւ Պրետ Շերմանի առաջարկած օրէնսդրական փոփոխութիւններու նախագիծը, որ կը պահանջէ Ատրպէյճանէն ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները: 

Բացի այդ, Քարտենաս-Շիֆ-Շերման փոփոխութիւններու նախագիծը կոչ կ’ընէ զեկոյց պատրաստելու Ատրպէյճանի կողմէ դրսեւորուած պատերազմական յանցագործութիւններու, այդ շարքին՝ հայ քաղաքացիներու դէմ անթոյլատրելի զինամթերքի եւ սպիտակ ֆոսֆորի օգտագործման մասին:

Նախագիծը կը պահանջէ նաեւ հետաքննութիւն իրականացնել թրքական անօդաչուներուն մէջ ամերիկեան արհեստագիտութիւններու օգտագործման վերաբերեալ, որոնք կիրառուած են 2020 թուականի Արցախեան պատերազմի ընթացքին՝ թիրախաւորելու հայ բնակչութիւնը:

Նախագիծի համահեղինակներն են քոնկրեսականներ Ճեքի Սփիրը, Էնտի Լեւինը, Գաս Պիլիրաքիսը, Զոյի Լոֆկրենը, Ֆրանք Փալոնը, Ճեն Շչաքովսքին, Տէյվիտ Վալատոն, Ճուտի Չուն, Աննա Էշուն, Քեթի Փորթըրը, Եանկ Քիմը, Ռաճա Քրիշնամուրթին, Տինա Թիթուսը:

Ատրպէյճանը կը պահանջէ Ամարաս վանքի վրայ տեղադրուած Արցախի դրօշը վար առնել
Նախորդ նիւթը

Ատրպէյճանը կը պահանջէ Ամարաս վանքի վրայ տեղադրուած Արցախի դրօշը վար առնել

44-օրեայ պատերազմում պարտութեան ծանրութիւնը կախուած է Հանրապետութեան հրապարակի վրայ. Վարչապետի ուղերձը Անկախութեան օրուան առթիւ
Յաջորդ նիւթը

44-օրեայ պատերազմում պարտութեան ծանրութիւնը կախուած է Հանրապետութեան հրապարակի վրայ. Վարչապետի ուղերձը Անկախութեան օրուան առթիւ

ԱնցնիլՎեր