ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը արձանագրած է, որ ՀՀ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն չեն եղած այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ:
Դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Իլհոմ Նեմատովը յիշեցուց, որ դիտորդական առաքելութեան կազմէն ներս եղած է 96 անձ: Ան վստահեցուց, որ կազմէն ներս եղած են փորձառու անձինք, երեսփոխաններ, ներկայացուցիչներ՝ Պելառուսէն, Ղազախստանէն, Ղրղզստանէն, Մոլտաւիայէն, Ռուսիայէն, Տաճկաստանէն, Ուզպէքստանէն, ինչպէս նաեւ ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովէն, ՀԱՊԿ միջխորհրդարանական վեհաժողովէն, ռուս-պելառուսական միութենէն: Դիտորդները եղած են 700 ընտրատեղամասերու մէջ:
Անոր գնահատմամբ՝ ընտրութիւնները սկսած են առանց իրարանցումի, աղմուկի, ընտրատեղամասերը բացուած են ժամանակին՝ 08:00-ին: Դիտորդները միասին պատրաստած են վերջնական փաստաթուղթ մը՝ արդիւնքներուն վերաբերեալ:
«Ընտրութիւններու գործընթացը անցած է Ընտրական օրէնքի պահանջներուն համապատասխան: Դիտորդները չեն արձանագրած այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնան ազդել ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ»,- ըսած է Նեմաթովը:
Ան նշած է նաեւ գործընթացին բարձր կազմակերպչական մակարդակին մասին: Նեմաթովի խօսքով՝ ընտրութիւնները կազմակերպուած եւ տեղի ունեցած են ՀՀ Սահմանադրութեան ու Ընտրական օրէնսգիրքի պահանջներուն համապատասխան: Առաքելութեան ղեկավարը ամէնէն կարեւորը համարած է այն, որ ընտրութիւններուն մասնակցած է 25 քաղաքական ուժ: Ըստ անոր՝ ատիկա Հայաստանի ընտրողներուն ընտրութեան հնարաւորութիւն կու տայ:
Դիտորդներու խօսքով՝ թերացումներ եղած են, սակայն ատոնք համակարգային բնոյթ չեն կրած: