Ապրիլ 24-ին պիտի հնչեն բոլոր եկեղեցիներու զանգերը՝ ի ոգեկոչումն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակութեան օրը` Ապրիլ 24-ին, ժամը 10:30-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ դռնփակ պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որու աւարտին պիտի կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն: Նոյն օրը ժամը 12:00-ին պիտի հնչեն բոլոր եկեղեցիներու զանգերը` ի ոգեկոչումն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը հրաւիրէ մեր ժողովուրդի զաւակները` համաճարակի այս դժուարին պայմաններուն մէջ, նուիրական այս օրը իրենց տուներուն մէջ աղօթակից ըլլան հոգեւոր դասին եւ միաբան ու միասիրտ հայցել մեր սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը առ Աստուած` աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին առողջ ու անվտանգ
20 Ապրիլի 2020
3 ր. ընթերցում
Ապրիլ 24-ին պիտի հնչեն բոլոր եկեղեցիներու զանգերը՝ ի ոգեկոչումն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին

Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակութեան օրը` Ապրիլ 24-ին, ժամը 10:30-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ դռնփակ պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որու աւարտին պիտի կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Նոյն օրը ժամը 12:00-ին պիտի հնչեն բոլոր եկեղեցիներու զանգերը` ի ոգեկոչումն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը հրաւիրէ մեր ժողովուրդի զաւակները` համաճարակի այս դժուարին պայմաններուն մէջ, նուիրական այս օրը իրենց տուներուն մէջ աղօթակից ըլլան հոգեւոր դասին եւ միաբան ու միասիրտ հայցել մեր սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը առ Աստուած` աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին առողջ ու անվտանգ կեանքին եւ մեր հայրենիքին խաղաղութեան ու բարօրութեան համար»,- ըսած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տարածած ծանուցումին մէջ:

10 երկիր, ուր «Քորոնա» ժահրով վարակման ամէնէն շատ դէպքերը գրանցուած են
Նախորդ նիւթը

10 երկիր, ուր «Քորոնա» ժահրով վարակման ամէնէն շատ դէպքերը գրանցուած են

Virtual Screening of "YEVA" and Discussion with Filmmaker Anahid Abad | Thursday, April 23 to Saturday, April 25
Յաջորդ նիւթը

Առցանց Ցուցադրութիւն «ԵՒԱ» Ֆիլմին եւ Քննարկում Ֆիլմարտադրող Անահիտ Ապատի Հետ | Հինգշաբթի, 23 Ապրիլէն Շաբաթ, 25 Ապրիլին

ԱնցնիլՎեր