Առաջիկային 1-2 տասնեակ օդանաւային ընկերութիւն պիտի վերսկսի կանոնաւոր թռիչքները դէպի Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձաւ կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներու վերականգնման հնարաւորութեան: «Քաղաքացիական օդանաւային երթեւեկութեան վարչութիւնը յայտեր կը հաւաքէ, թէ որ օդանաւային ընկերութիւնները կը ծրագրեն վերականգնել դէպի Հայաստան կանոնաւոր թռիչքները: Ինչքան կը հասկանամ, շատ շուտով՝ արդէն սեպտեմբերի մէջ, գոնէ մէկ-երկու տասնեակ ընկերութիւն պիտի վերսկսի կանոնաւոր թռիչքները դէպի Հայաստան: Քարանթինային ռեժիմին հետ կապուած փոփոխութիւններ իրականացուցած ենք, եւ արտերկրէն ժամանած քաղաքացիները, որոնք չեն ուզեր քարանթինի (մեկուսացման) մէջ մնալ 14 օր, կրնան տեղւոյն վրայ յանձնել քննութիւն եւ մէկ օրուան ընթացքին անոնց պատասխանները կը ստանան: Եթէ պատասխանները բացասական ըլլան, ապա մարդիկ կը կարողանան քարանթին չանցնել», նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:  
10 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Առաջիկային 1-2 տասնեակ օդանաւային ընկերութիւն պիտի վերսկսի կանոնաւոր թռիչքները դէպի Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձաւ կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներու վերականգնման հնարաւորութեան:

«Քաղաքացիական օդանաւային երթեւեկութեան վարչութիւնը յայտեր կը հաւաքէ, թէ որ օդանաւային ընկերութիւնները կը ծրագրեն վերականգնել դէպի Հայաստան կանոնաւոր թռիչքները: Ինչքան կը հասկանամ, շատ շուտով՝ արդէն սեպտեմբերի մէջ, գոնէ մէկ-երկու տասնեակ ընկերութիւն պիտի վերսկսի կանոնաւոր թռիչքները դէպի Հայաստան: Քարանթինային ռեժիմին հետ կապուած փոփոխութիւններ իրականացուցած ենք, եւ արտերկրէն ժամանած քաղաքացիները, որոնք չեն ուզեր քարանթինի (մեկուսացման) մէջ մնալ 14 օր, կրնան տեղւոյն վրայ յանձնել քննութիւն եւ մէկ օրուան ընթացքին անոնց պատասխանները կը ստանան: Եթէ պատասխանները բացասական ըլլան, ապա մարդիկ կը կարողանան քարանթին չանցնել», նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

 

Շուրջ 70 000 տոլար՝ «Հայաստան» Հիմնադրամի աջակցութիւնը Սուրիահայութեան
Նախորդ նիւթը

Շուրջ 70 000 տոլար՝ «Հայաստան» Հիմնադրամի աջակցութիւնը Սուրիահայութեան

Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան Պատմական Դերը. Գէորգ Հալէպլեան
Յաջորդ նիւթը

Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան Պատմական Դերը. Գէորգ Հալէպլեան

ԱնցնիլՎեր