Շուրջ 70 000 տոլար՝ «Հայաստան» Հիմնադրամի աջակցութիւնը Սուրիահայութեան

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն՝ Հայկակ Արշամեան 9 Սեպտեմբերին շուրջ 70 հազար տոլար յանձնած է Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, որ պիտի փոխանցուի Սուրիոյ հայերուն՝ «Քորոնա» ժահրի համավարակով պայմանաւորուած ծանր առողջապահական եւ ընկերային տնտեսական իրավիճակը մեղմացնելու նպատակով։ Հիմնադրամի հաղորդագրութեան համաձայն՝ նուիրաբերուած հանգանակութիւնը համամասնաբար բաշխուած է․ 30 հազար տոլար՝ Սուրիոյ հայկական կրթական հաստատութիւններու թիւով՝ 502 ուսուցիչի, ինչպէս նաեւ 42 սպասարկող անձնակազմին: «Միեւնոյն ժամանակ, ընդհանուր 40 հազար տոլարի օժանդակութիւն տրամադրուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ Սուրիոյ մէջ հիւանդանոցային բուժում ստացող մեր հայրենակիցներուն», — ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Հանգանակուած գումարները յատկացուած են «Covid-19 Հայաստան․ Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաք արշաւէն գոյացած ֆոնտէն։
10 Սեպտեմբերի 2020
2 ր. ընթերցում
Շուրջ 70 000 տոլար՝ «Հայաստան» Հիմնադրամի աջակցութիւնը Սուրիահայութեան

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն՝ Հայկակ Արշամեան 9 Սեպտեմբերին շուրջ 70 հազար տոլար յանձնած է Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, որ պիտի փոխանցուի Սուրիոյ հայերուն՝ «Քորոնա» ժահրի համավարակով պայմանաւորուած ծանր առողջապահական եւ ընկերային տնտեսական իրավիճակը մեղմացնելու նպատակով։

Հիմնադրամի հաղորդագրութեան համաձայն՝ նուիրաբերուած հանգանակութիւնը համամասնաբար բաշխուած է․ 30 հազար տոլար՝ Սուրիոյ հայկական կրթական հաստատութիւններու թիւով՝ 502 ուսուցիչի, ինչպէս նաեւ 42 սպասարկող անձնակազմին:

«Միեւնոյն ժամանակ, ընդհանուր 40 հազար տոլարի օժանդակութիւն տրամադրուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ Սուրիոյ մէջ հիւանդանոցային բուժում ստացող մեր հայրենակիցներուն», — ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հանգանակուած գումարները յատկացուած են «Covid-19 Հայաստան․ Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաք արշաւէն գոյացած ֆոնտէն։

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 45 326-ի
Նախորդ նիւթը

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 45 326-ի

Առաջիկային 1-2 տասնեակ օդանաւային ընկերութիւն պիտի վերսկսի կանոնաւոր թռիչքները դէպի Հայաստան
Յաջորդ նիւթը

Առաջիկային 1-2 տասնեակ օդանաւային ընկերութիւն պիտի վերսկսի կանոնաւոր թռիչքները դէպի Հայաստան

ԱնցնիլՎեր