Առաջնահերթ խնդիրներէն է Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակի կարգաւորումը․ Լաւրով

Ռուսիա պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի յարաչափերու համաձայնեցման․ մարտ 20-ին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար Սերգէյ Լաւրովը։ «Պատրաստ ենք, ինչպէս եւ ամրագրուած է եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ, ցուցաբերելու օժանդակութիւն փոխադրային կապերու ապաշրջափակման, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագրի յարաչափերու համաձայնեցման»,-ըսած է Լաւրով: Ան նշած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին առանձնակի ուշադրութիւն պիտի դարձուի տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն։ «Առաջնահերթ խնդիրներէն է Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակի կարգաւորումը, եւ, ընդհանուր առմամբ, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ»,- ըսած է Սերգէյ Լաւրով։ Անոր խօսքով՝ կասկած չկայ, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւնները բոլոր որոշումներու
20 Մարտի 2023
3 ր. ընթերցում
Առաջնահերթ խնդիրներէն է Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակի կարգաւորումը․ Լաւրով

Ռուսիա պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի յարաչափերու համաձայնեցման․ մարտ 20-ին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար Սերգէյ Լաւրովը։

«Պատրաստ ենք, ինչպէս եւ ամրագրուած է եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ, ցուցաբերելու օժանդակութիւն փոխադրային կապերու ապաշրջափակման, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագրի յարաչափերու համաձայնեցման»,-ըսած է Լաւրով:

Ան նշած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին առանձնակի ուշադրութիւն պիտի դարձուի տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն։

«Առաջնահերթ խնդիրներէն է Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակի կարգաւորումը, եւ, ընդհանուր առմամբ, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ»,- ըսած է Սերգէյ Լաւրով։

Անոր խօսքով՝ կասկած չկայ, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւնները բոլոր որոշումներու իրագործման առանցքն են։

Եռակողմ յայտարարութեան որեւէ դրոյթ չկայ, որ Պաքուն խախտած չըլլայ. Միրզոյեանը՝ Լաւրովին
Նախորդ նիւթը

Եռակողմ յայտարարութեան որեւէ դրոյթ չկայ, որ Պաքուն խախտած չըլլայ. Միրզոյեանը՝ Լաւրովին

Պլինքըն Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցէն ետք գրառում կատարած է
Յաջորդ նիւթը

Պլինքըն Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցէն ետք գրառում կատարած է

ԱնցնիլՎեր